2 ապրիլին կը լրանայ Պռօշեանի նախկին գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան երկրորդ տարելիցը:
Անոր մահուան տարելիցին առիթով, 1 ապրիլի երեկոյեան գիւղին մէջ տեղի պիտի ունենայ մոմավառութիւն:
2 ապրիլի կէսօրին, գիւղապետարանին մօտէն, Հրաչ Մուրատեանի ընտանիքին անդամները, ընկերները եւ հարազատները պիտի այցելեն «Զօրաց պանթէոն»` յարգելու համար Հրաչ Մուրատեանի յիշատակը:
Նշենք, թէ Հրաչ Մուրատեանի սպանութիւնը ցարդ բացայայտուած չէ: