Լիբանանի հայոց թեմին մէջ հաստատուած երկարամեայ աւանդութեան համաձայն եւ Միջինքի առիթով, երէկ` չորեքշաբթի, 11 մարտ 2015-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ Արեւագալի ժամերգութեան նախագահեց եւ իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս: Ժամերգութեանց երգեցողութիւնը կատարեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սաները: Հոծ բազմութեան կողքին ներկայ էին նաեւ Ազգային Ս. Խանամիրեան վարժարանի եւ Հայ աւետարանական քոլեճի աշակերտները:
Ժամերգութեան աւարտին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան հաստատեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը լաւագոյն ձեւով կ՛արտայայտէ մեր ժողովուրդին նկատմամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ունեցած ծառայական առաքելութիւնը: «Նուիրական այդ հաստատութեան մէջ կը պատրաստուին հայ եկեղեցւոյ վաղուան սպասաւորները, որոնք աշխարհի տարածքին պիտի տանին մեր աթոռին ծառայական հասկացողութիւնները դէպի ժողովուրդ եւ ազգ» շեշտեց սրբազանը` աղօթելով, որ Աստուած բարօր օրեր եւ երկար գահակալութիւն պարգեւէ վեհափառ հայրապետին: Ապա ան հրաւիրեց Արամ Ա. կաթողիկոսը` փոխանցելու իր պատգամը:
Վեհափառը իր խօսքին սկիզբը ողջունելով` Լիբանանի թեմի առաջնորդն ու Ազգային իշխանութիւնը, գնահատեց անոնց եկեղեցանուէր ծառայութիւնը, ապա ողջունեց նաեւ Լիբանանի մէջ գործող բոլոր միութիւնները եւ պատկան մարմինները` մաղթելով անոնց նորանոր յաջողութիւններ եւ իրագործումներ, որոնց նպատակը պէտք է ըլլայ Լիբանանի հայութեան վերակազմակերպումը եւ վերակենսաւորումը իր բոլոր մարզերով եւ տարածքներով:
Վեհափառը բացատրեց, թէ Միջինքը մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ կը բնորոշուի իբրեւ հաւատացեալին համար ինքնաքննութեան, վերարժեւորումի ու սրբագրումի առիթ ու հրաւէր: Ան նկատել տուաւ, որ մեր պապերը Մեծ պահքի իւրաքանչիւր կիրակին բնութագրած են աստուածաշնչական առակի մը, դէպքի մը, երեւոյթի մը անունով` աւելցնելով, որ այդ կիրակիներու ընթացքին կարդացուած ընթերցումները եթէ հաւաքենք, պիտի տեսնենք յատուկ կարեւորութեամբ շեշտուած 3 հիմնական կէտեր, որոնք հիմքը կը կազմեն քրիստոնէական կեանքին. ա) Հայր-որդի յարաբերութիւն . Քրիստոնէական հաւատքը մեզի կը յիշեցնէ, թէ Աստուած մեր հայրն է եւ մենք անոր որդեգիր զաւակներն ենք: Այս յատկութիւնը միայն քրիստոնէական կրօնին յատուկ է. բ) Մարդը Աստուածատուր կոչում ունի. Աստուած մարդուն կոչում մը տուաւ, այսինքն` պատասխանատուութիւն մը եւ պարտաւորութիւն մը յանձնեց, եւ զինք օժտեց բանականութեամբ եւ զանազան շնորհներով, որպէսզի իր գործը շարունակէ տիեզերքի վրայ, սակայն մարդը մոլորեցաւ եւ այդ կոչումը գործածեց իր հաճոյքին համար. գ) Մարդը կոչուած է հաշուետու ըլլալու Աստուծոյ. մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ, պարտականութիւն կը տրուի մեզի, պատասխանատուութեան կը կոչուինք եւ պարտաւոր կը զգանք հաշուետուութիւն կատարելու: Հաշուետուութիւնը մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքին մէջ հիմնական սկզբունք է:
Եզրափակելով իր խօսքը, վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: «100-ամեակը մեր ժողովուրդին համար միայն հանդէսներ, ցուցահանդէսներ եւ զանազան ձեռնարկներ կազմակերպելու առիթ մը չէ, այլ մեր ազգին պահանջատիրութեան, ամրացումին, կենսաւորումին եւ մեր ժողովուրդի հաւաքական պայքարին նոր տոկունութիւն տալու առիթ մըն է: Անցեալով վերանորոգուած մեր ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներու վերատիրացման մեր համազգային պայքարին նոր ուժականութիւն տալու հրաւէր է», հաստատեց Արամ Ա. կաթողիկոս եւ կոչ ուղղեց որ 100-ամեակը բարձրագոյն աստիճանի գիտակցութեամբ, նախանձախնդրութեամբ եւ յանձնառութեամբ արժեւորուի:
«Ցեղասպանութենէն ետք, անցնող հարիւր տարիներուն մեր ժողովուրդը իր կեանքը ապրեցաւ պատասխանատուութեան ու հաշուետուութեան խոր գիտակցութեամբ: Մենք հաւատարիմ գտնուեցանք մեր նահատակներու հաւատքին ու կտակին: Ցեղասպան թուրքը ջարդեց մեր ժողովուրդի զաւակները. եղանք որբ, գաղթական, հայրենազուրկ, սակայն երբեք չկորսնցուցինք մեր հաւատքն ու յոյսը, երբեք չհեռացանք մեր նահատակներու նուիրական կտակէն: Անցնող հարիւր տարիներուն ընթացքին մենք ոչ միայն մեր կեանքը վերակազմակերպեցինք, այլ նաեւ պայքարեցանք ի խնդիր մեր ժողովուրդի իրաւունքներու վերատիրացման: Արդ, 100-ամեակը հրաւէր մըն է մեր ժողովուրդի զաւակներուն` վերանորոգ հաւատքով ու նուիրումով կառչած մնալու մեր քրիստոնէական հաւատքին, մեր ազգի ձգտումներուն ու շարունակելու մեր պայքարը»:
Արեւագալի արարողութենէն ետք վեհափառ հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ կազմակերպուած աւանդական նախաճաշին: Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ թաղականութեան անունով խօսք առաւ Սմբատ Ղազելեան: Ան հաստատեց, որ դպրեվանքը սփիւռքահայութեան բարոյական զէնքի դարբնոցն է, ուր կը կերտուի տիպար հայու հաւատքը, նկարագիրը եւ տեսլականը: Այնուհետեւ Դպրեվանքի աշակերտները ելոյթ ունեցան երգերով ու արտասանութիւններով:
Աւարտին վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Դպրեվանքի աշակերտութեան` հաստատելով, որ դպրեվանքը ինքնակեդրոն եւ ինքնանպատակ հաստատութիւն մը չէ, այլ անոր գոյութիւնը իրմէ անդին է, որ մեր ժողովուրդն է իր տագնապներով եւ կարիքներով: Վեհափառ հայրապետը նաեւ նշեց, որ դպրեվանքը այն հոգեւոր մկրտարանն է, ուր մեր ժողովուրդին զաւակները մեր հոգեւոր ու ազգային արժէքներով կը վերամկրտուին` օր մը դառնալու համար ծառաները մեր եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին: