Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն եւ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեանի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Յակոբ Հաւաթեանի, Րաֆֆի Աշքարեանի եւ Մելիք Գարագաւորեանի հետ:
Նախկին նախագահը իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց նոր Կեդրոնական կոմիտէին ընտրութեան առիթով` շեշտելով, որ թէ՛ հայ համայնքը եւ թէ՛ ՀՅ Դաշնակցութիւնը հիմնական դերակատարներ են երկրի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային կեանքին մէջ ու անբաժան բաղադրիչները երկրին ներկային ու ապագային:
Խօսակցութիւնները անդրադարձան հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեան առաջնահերթութեան, կառավարութեան աշխատանքներուն վերսկսման եւ երկրին անդորրութեան պահպանման անհրաժեշտութեան վրայ: