Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ այցելեցին Ռաս Պաալպեք, ուր անոնք ստուգեցին լիբանանեան բանակին դիրքերը, ինչպէս նաեւ այդ շրջաններուն մէջ գործադրած անոնց զինուորական գործողութիւններուն մանրամասնութիւնները:
Մուքպել Ռաս Պաալպեքի մէջ դիրքաւորուած բանակայիններուն ուղղած իր խօսքին մէջ գնահատեց անոնց մարտական կարողութիւնները, որոնց շնորհիւ կարելի եղած էր ռազմավարական երկու բարձունքներէ կատարեալ արագութեամբ տապալել ահաբեկիչները:
Մուքպել շնորհաւորեց բանակայինները անոնց իրագործած զինուորական այս նուաճումին համար` աւելցնելով, որ անիկա կ՛աւելնայ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմի շրջագիծին մէջ անոնց գործած նուաճումներուն:
Մուքպել ընդգծեց, որ բանակը միշտ կ՛ապացուցէ, որ ինք կը հաւատայ ազգային գաղափարախօսութեան եւ այդ ոգիով կը կատարէ իր պարտականութիւնը: Ան աւելցուց, որ բանակին կը պակսին միայն տեսակարար զէնքերը, որոնք մօտիկ ապագային պիտի ապահովուին:
Իր կարգին, զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը ահաբեկչութեան դէմ արձանագրելիք յաջողութիւններէն բացի այլընտրանք չունի:
Զօր. Քահուաժի բարձր գնահատեց բանակայիններուն զոհողութիւնները` արեւելեան լեռնաշղթան ահաբեկիչներուն հաւանական ներխուժումներէն պաշտպանելու իմաստով:
Բանակի հրամանատարը ընդգծեց, որ քանի մը օր առաջ Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ գործադրուած զինուորական գործողութիւնը տեսակարար կարելի է որակել` ահաբեկչութեան դէմ մղուած պատերազմին եւ քաղաքացիները անոր վտանգներէն պաշտպանելու առումով:
«Ահաբեկիչներուն ներխուժումներուն դէմ երկրին սահմաններուն պաշտպանութիւնը Լիբանանի միասնականութիւնն ու անոր ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու համազօր է», հաստատեց ան:
Նշենք, որ զօր. Քահուաժի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած էր, որ Ռաս Պաալպեքի զինուորական գործողութեան ընթացքին բանակը իր հակակշիռին տակ առած է Սատր Ժարաշը եւ Հարֆ Ժարաշը: