Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը իր 159-րդ նիստը գումարեց 20-21 փետրուար 2015-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահը` նախագահութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ` Գերշ. Տ. Շահան արք. Սարգիսեանի: Ներկաներու շարքին էին առաջնորդի օգնական` Գերպ. Տ. Վահան Ծ. վրդ. Պէրպէրեան, Հալէպի քահանայից դասը, Ազգային վարչութեան եւ Ազգային կրօնական ժողովներու անդամները եւ Ազգային իշխանութեան խորհուրդներու ատենապետները:
Ժողովը սկսաւ գերաշնորհ առաջնորդ սրբազան հօր աղօթքով եւ բացման խօսքով: Ան բարձր գնահատեց ժողովականները, որոնք իրենց վերապահուած առաքելութեան հաւատարիմ` յանձնառութեամբ լծուած են սուրիահայութեան եւ թեմական կեանքի զանազան բնագաւառներու հետ առնչուած աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ գնահատեց սուրիահայութիւնը եւ մասնաւորապէս Հալէպի հայ համայնքի զաւակները, որոնք ամրօրէն կառչած իրենց ազգային եւ թեմական բազմաբնոյթ կառոյցներուն, միասնականութեամբ կը փորձեն շրջանցել սուրիահայութեան վիճակուած ծանր տագնապին դժուարութիւնները, եւ հրաւիրեց ժողովականները յստակ ու թափանցիկ մօտեցումով քննարկելու հարցերը` ըստ կարելւոյն համապատասխան ծրագրումներու հասնելու համար:
Ազգային երեսփոխանական ժողովը տեսերիզի միջոցով ունկնդրեց այս առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրապետական ուղենշային պատգամը: Վեհափառ հայրապետը նախ իր հայրապետական օրհնութիւնը փոխանցեց, հուսկ իր խոր գնահատանքը յայտնեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդին, հոգեւորականութեան, ժողովականութեան եւ բոլոր ծառայողներուն, վերահաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գործնական զօրակցութիւնը սուրիահայութեան` ընդգծելով Հալէպին` սուրիահայութեան` կեդրոնը ըլլալու հանգամանքը եւ հալէպահայ համայնքի կեդրոնական հեղինակութիւնը պահելու հրամայականը:
Վեհափառ հայրապետը շեշտեց վերադասաւորումի, վերակազմակերպման եւ վերաշխուժացման միջոցով միասնակամութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի եւ սուրիահայութեան վերականգնումի անյետաձգելի գործին լծուելու անհրաժեշտութիւնը, մանաւանդ երբ Սուրիոյ հայ համայնքը իբրեւ պատմական գաղութ` կարեւոր տեղ կը գրաւէ հանուր հայութեան համայնական կեանքին մէջ:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարեթիւին գումարած իր այս նիստին, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը վերահաստատեց, որ սուրիահայութեան վիճակուած ծանր ու տագնապալի մերօրեայ կացութիւնը առաւել հաստատակամ կը դարձնէ մեր ժողովուրդը` իր պահանջատիրական երթին մէջ: Հայոց ցեղասպանութեան վկայարան դարձած Սուրիան այսօր նորագոյն փաստը կու տայ շարունակուող ոճրային արարքներու անհրաժեշտ դատապարտման, պատժման եւ հատուցման:
Ազգային երեսփոխանական ժողովը հանգամանօրէն քննութեան ենթարկեց` սուրիական հայրենիքին վիճակուած տագնապին պատճառով սուրիահայութեան ընդհանրապէս եւ Բերիոյ հայոց թեմի մեր ժողովուրդին կառոյցներուն եւ հասարակական կեանքին մասնաւորապէս, դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ զանոնք մեղմացնելու կարելիութիւնները: Ազգային երեսփոխանական ժողովի դիւանին կողմէ յառաջացած չորս աշխատանքային յանձնախումբերը ժողովին ներկայացուցին չորս զեկուցումներ, համապատասխան առաջադրանքներով. ա) Ժողովրդային տեղաշարժ եւ հետեւանքներ, բ) Վերադասաւորում թեմական կառոյցներու (հոգեւոր, վարչական եւ աշխատանքային մարզեր), գ) Ազգապատկան կալուածներու յանձանցում, դ) Տնտեսական կարիքներու եւ կարելիութիւններու տնօրինում:
Երկու օրերու տեւողութեամբ, ժողովականները քննարկեցին վերոյիշեալ յոյժ կարեւոր խնդիրները` համապատասխան յանձնառութիւններ վստահելով գործադիր ժողովներուն, որպէսզի սուրիահայութիւնը, թեմական ժողովուրդը եւ յատկապէս Հալէպի հայ համայնքը` կարենայ ըստ կարելւոյն թօթափել տագնապին աղէտալի ու բացասական հետեւանքները եւ կարենայ հաստատակամ իր գոյերթը շարունակել:
Ազգային երեսփոխանական ժողովը, սուրիահայութեան դիմագրաւած տագնապին ընթացքին տրամադրուած բոլոր օժանդակութիւններուն համար մնալով երախտապարտ, կ՛ընդգծէ` սուրիահայութեան տագնապը ամբողջ հայութեան տագնապը ըլլալու հանգամանքը եւ առկայ պայմաններու տուեալներով կարեւոր կը նկատէ անոնց շարունակման անհրաժեշտութիւնը:
Ազգային երեսփոխանական ժողովը իր աշխատանքները պիտի շարունակէ նոր յանձնառութեամբ` գործնական եւ իրատեսական ծրագրումներ իրականացնելու համար: Ժողովը վերջ գտաւ առաջնորդ սրբազան հօր փակման խօսքով եւ պահպանիչով:
ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ