Wednesday May 22, 2013

«ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԴՈՒՐՍ ՈՐԵՒԷ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ԳՈՅԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱՇԽԻՔ ՉՈՒՆԻ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

By adminx - Tue Aug 02, 6:57 am

Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ իր կարգին շնորհաւորեց բանակը իր օրուան առիթով` դիտել տալով, որ զինուորական պաշտօնական հաստատութիւններէն դուրս զէնքի տարածումն ու գործածութիւնը չի հանգստացներ համայն լիբանանցիները:

Կիպրոսի մարոնիներու պատուիրակութիւն մը ընդունելով` Պշարա Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ մաղթեց, որ թրքական կառավարութիւնը թոյլատրէ Կիպրոսի մարոնիներու տունդարձը:

«Բանակի օրուան առիթով կը մաղթենք, որ քաղաքական իշխանութիւնը կարենայ միացնել ուժն ու որոշումը եւ տէր կանգնի Լիբանանի մէջ գործող բոլոր զէնքերուն, որովհետեւ սահմանադրական հաստատութիւններէն դուրս ոեւէ ժողովուրդ երաշխիք չունի գոյակցութեան», ընդգծեց Ռայի պատրիարքը:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement