ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԹՈՒՐՔԻԱ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՆԿԱՐԸ ԱՅՐԱԾ ԵՆ
By adminx - Tue Aug 02, 6:37 am
- 0 Comments
- 30 views
- Tweet
Email
Print
Թուրքիոյ մէջ կը շարունակուին Ծաղկաձորի մէջ հայագիտական նիւթերու համահայկական ողիմպիականի մասնակիցներուն առջեւ իր արտասանած խօսքին համար Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղղուած քննադատութիւններն ու անոր դէմ բողոքի ցոյցերը:
Թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Հայկական պնդումներուն դէմ պայքարի միութիւն»ը նախագահ Սարգսեանի խօսքերուն դէմ բողոքի ցոյց մը կազմակերպած է Հայաստան-Թուրքիա սահմանի Ալիճանի անցակէտին վրայ:
Ցոյցին, որուն մասնակցած են Իգտիրի մէջ բնակող թուրքեր եւ ազրպէյճանցիներ, հակահայկական կոչեր արձակուած են: Բողոքի ցոյցի աւարտին մասնակիցները պատռած եւ այրած են նախագահ Սերժ Սարգսեանի լուսանկարը:
«Սերժ Սարգսեանի խօսքերը անգամ մը եւս ցոյց կու տան անոր թշնամանքն ու ատելութիւնը® Մենք` իբրեւ հասարակական կազմակերպութիւններու եւ կուսակցութիւններու ծրագիր, կը դիմենք Սարգսեանին` քանի տակաւին այդ խօսքերուն պատճառով Թուրքիոյ Հանրապետութենէն ներում չէ հայցած, մեր խօսքը աւելի կարծր, իսկ գործողութիւնները աւելի ընդարձակ բնոյթ պիտի կրեն: Մենք մեր երկրէն քար մը անգամ չենք տար: Ինչպէս մեր պապերը ուս-ուսի տալով այս հողերը նման վատ նպատակներ հետապնդող մարդոցմէ պաշտպանած եւ մեզի փոխանցած են, մենք ալ այդ հողերը կեանքի գնով պիտի պահպանենք եւ փոխանցենք յաջորդ սերունդներուն: Ատիկա Սարգսեանն ու անոր պէս մարդիկ թող լաւ գիտնան», ըսած է նշեալ միութեան նախագահ Կէօքսել Կիւլպէյ:
- 0 Comments
- 30 views
- Tweet
Email
Print



