Thursday Jun 20, 2013

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

By adminx - Tue Aug 02, 6:27 am

Երկուշաբթի, 1 օգոստոս 2011-ին, 6-12 տարեկան 55 պատանիներ մեկնեցան Այնճար` մասնակցելու ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբին կազմակերպած աւանդութիւն դարձած «Կազդուրման կայան»ին:

Երեք շաբաթ տեւող իրենց կեցութեան ընթացքին, հսկողութեամբ մասնագիտացած անձնակազմի մը պատանիները պիտի ստանան առողջապահական եւ սննդական խնամք, անոնց պիտի ներկայացուին գիտելիքներ (կարգապահական, դաստիարակչական եւ այլն…), ինչպէս նաեւ պիտի ունենան ուրախ եւ հաճելի ժամանցի պահեր:

ԼՕԽ-Ի
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement