«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՌԱԶՄԱԿԱՅԱՆԸ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ԳՐԱՒԱԿԱՆՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ՏՄԻԹՐԻ ՄԵՏՎԵՏԵՒ
By adminx - Mon Aug 01, 6:51 am
- 0 Comments
- 17 views
- Tweet
Email
Print
Ազրպէյճանական «1news.az» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ Ազրպէյճանի անկախութեան 20-ամեակին առիթով լոյս տեսած «Տը Պիզնըս Եիր-Ազրպէյճան 2011» պարբերաթերթի յատուկ թիւին մէջ լոյս տեսած իր մեկնաբանութեան մէջ նշած է, որ Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայանը կոչուած է կովկասեան շրջանին մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը ապահովելու:
«Ռուսիոյ համար շատ կարեւոր հարցերէն է նաեւ Կովկասի մէջ կայունութեան ապահովումը: Ատիկա հիմնական հայեցակարգն է, որուն վրայ հիմնուելով յարաբերութիւններ կը կառուցենք մեր մօտիկ դրացի եւ բարեկամ Ազրպէյճանի հետ, որովհետեւ մենք շահագրգռուած ենք շրջանին մէջ խաղաղութեան ապահովումով: Եւ ճիշդ այդ շրջագիծին մէջ պէտք է դիտել Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայանի տեղակայման ժամկէտի երկարաձգումը, որուն մասին որոշումը տրուեցաւ Երեւան կատարած իմ այցելութեանս ընթացքին: Այդ ռազմակայանը կոչուած է խաղաղութիւն եւ կայունութիւն ապահովելու, ինչպէս նաեւ նուազեցնելու այն բարդութիւնները, զորս մենք այսօր ունինք», ընդգծած է Մետվետեւ:
ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂ
Ռուսիոյ նախագահը անդրադարձած է նաեւ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին եւ ատոր մէջ Մոսկուայի դերակատարութեան:
«Իմ մասնակցութեամբս Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպումներու յաճախականութիւնը հասած է պատմական առաւելագոյնի: Վերջերս խօսելով այդ նիւթին մասին` ես նշեցի, որ չեմ ամչնար մեր կողմէ կատարուած աշխատանքին համար: Անոնք եղած են կարեւոր քննարկումներ, որոնց ընթացքին կողմերը ընդգծած են բանակցային հոլովոյթին մէջ գոյութիւն ունեցող շարք մը բարդութիւններ: Սակայն, ամէն պարագայի, այդ ջանքերը որոշակի արդիւնք կու տան եւ բանակցութիւնները կը շարունակուին: Իմ կարծիքովս, այդ հանդիպումներուն յաճախականութիւնը պէտք չէ նուազի: Ռուսիան պատասխանատու է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ ունեցած իր պարտաւորութիւններուն», ըսած է Մետվետեւ` ընդգծելով, որ Ռուսիոյ բարոյական պարտքն է աջակցիլ կողմերուն միջեւ խնդիրին առնչութեամբ ծաւալած երկխօսութեան շարունակման:
«Ես անձամբ պատրաստ եմ աջակցելու այդ հանդիպումներուն եւ քննարկումի դնելու բանակցութիւններու օրակարգի առաւել բարդ հարցերը: Յոյսով եմ, որ մօտիկ ապագային մենք շարունակենք նման խորհրդակցութիւնները մեր եւ մեր արտաքին գործոց նախարարներուն մասնակցութեամբ:
«Ռուսիան լրջօրէն հաւատարիմ պիտի մնայ իր պարտաւորութիւններուն եւ համապատասխան քայլեր պիտի կատարէ աջակցելու անհրաժեշտ արդիւնքին հասնելու: Եւ այդ արդիւնքը կենսական նշանակութիւն ունի, որովհետեւ անկասկած կրնայ ռուսական շահերու գօտի նկատուող շրջանին բերել երկարատեւ խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն», ըսած է Ռուսիոյ նախագահը:
ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԵՏ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ
Խօսելով Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ ուժանիւթի մարզին մէջ համագործակցութեան մասին` Մետվետեւ զայն երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան կարեւոր բնագաւառներէն նկատած է:
«Լիովին համամիտ եմ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այն կարծիքին, որ Ռուսիան եւ Ազրպէյճանը զիրար կը կապեն երկու ռազմավարական գործընկերներուն ջերմ եւ բարեկամական յարաբերութիւնները: Այդ յարաբերութիւններուն բնոյթը կ՛արտայայտուի տարբեր մարզերու մէջ գոյութիւն ունեցող համագործակցութեամբ` տնտեսական, մարդասիրական եւ անվտանգութեան ապահովման մարզերուն մէջ: Այդ սերտ կապերը յատկապէս արտայայտուեցան այն աջակցութեամբ, զոր Ռուսիան Ազրպէյճանէն ստացաւ վերջին բնական աղէտներուն ժամանակ, երբ հրդեհները տարածուած էին Ռուսիոյ ամբողջ տարածքին: Նայելով ապագային` կը տեսնեմ համագործակցութեան փայլուն հեռանկարներ», նշած է Ռուսիոյ նախագահը:
Տմիթրի Մետվետեւ նաեւ ընդգծած է, որ Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ համագործակցութեան կարեւոր մարզերէն կը նկատուի ուժանիւթի մարզը:
«Ինչպէս նախապէս նշած է Ազրպէյճանի նախագահը, ինչպէս նաեւ` ես, մեր երկիրները ուժանիւթի մարզին մէջ կարեւոր դերակատարներ կը նկատուին: Մենք ունինք բազմաթիւ հասարակաց շահեր, որովհետեւ ուժանիւթային հարստութիւններ կ՛արտադրենք եւ կ՛արտահանենք: Հետեւաբար, այդ մարզին մէջ անհրաժեշտ է հասնիլ համաձայնութեան եւ աւելի սերտ կերպով համագործակցիլ», ըսած է Մետվետեւ:
- 0 Comments
- 17 views
- Tweet
Email
Print




