Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Փետրուար 4-ը ծննդեան տարեդարձն է Զապէլ Եսայեանի, որ իր մնայուն եւ բարձրադիր պատուանդանը ունի հայ գրականութեան մէջ` իբրեւ ամէնէն տիրական դէմքերէն մէկը գրողի, մտաւորականի եւ ազգային գործիչի պատուանդանը նուաճած մեծանուն հայ կիներու փաղանգին:
Հայ գրականութեան կանացի շունչին փառքն ու ողբերգութիւնը խորհրդանշող հեղինակութիւններէն է Զապէլ Եսայեան: Հայ կնոջ խղճմտանքի ձայնը առաւելագոյն հնչեղութեամբ լսելի դարձաւ Զապէլ Եսայեանի գրական ստեղծագործութեան մէջ եւ փայլք ու փառք ապահովեց հեղինակին:
Յակոբ Օշականի արժեւորումով` «Մեր գրականութեան մէջ ամէնէն կանացի զգայնութիւնն է անիկա.- քնքշութիւն, գորով, գութ, վայելչութիւն եւ ճաշակ: Իր գործին երեք մեծ կեդրոնները կազմեցին Փարիզ, Պոլիս, Հայաստան, որոնց գոյները կը պահեն բնականութիւն, որքան տեղական հաստատ նկարագիր: Զ. Եսայեանի մէջ հայ գրականութեան ամէնէն սխրալի շնորհները, կանացի զգայնութեան ամէնէն սրտայոյզ խռովքները ու մեր ժողովուրդի հոգիին ամէնէն խորունկ սարսուռները իրարու կը միանան: Անիկա խղճմտանք մըն է, սիրտ մըն է, միտք մըն է, հաւասար ամրութեամբ ու արդարութեամբ: Տիկին Եսայեանի գործը ամբողջ մըն է: Անոր երկու մեծ բեւեռները` անհատներու հոգին եւ ժողովուրդներուն հաւաքական զգայնութիւնը ընդմիշտ նուաճուած կը մնան անխորտակելի գործերու մէջ: Զ. Եսայեան արեւմտահայ գրականութեան ամէնէն ամբողջ յաջողութիւնն է»:
Զապէլ Եսայեան ծնած էր 1878-ի փետրուար 4-ին, Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասին մէջ ապրող Յովհաննէսեաններու բարեկեցիկ օճախին մէջ: Տարրական կրթութիւնը ստացաւ Պոլսոյ Ս. Խաչ վարժարանին մէջ եւ 1895-ին գնաց Փարիզ` բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար: Յաճախեց Սորպոնի համալսարանը, բազմակողմանի զարգացման տիրացաւ գրականութեան եւ փիլիսոփայութեան մէջ եւ ուսումը աւարտեց փայլուն արդիւնքով: Փարիզի մէջ ալ ամուսնացաւ նկարիչ Տիգրան Եսայեանի հետ եւ գրական ասպարէզ մուտք գործեց Զապէլ Եսայեան ստորագրութեամբ:
Մինչեւ 1908-ի օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումը, Փարիզ ապրելով եւ ստեղծագործելով, Զապէլ Եսայեան իր առաջին գործերը լոյս ընծայեց Արշակ Չօպանեանի «Ծաղիկ» եւ «Անահիտ» գրական հանդէսներուն, ինչպէս նաեւ ֆրանսական պարբերականներու մէջ: Այդ շրջանի իր երկու ուշագրաւ գործերն են` «Սպասման սրահին մէջ» (1903) եւ «Շնորհքով մարդիկ» (1907) վէպերը:
Իր մշակուած արեւմտահայերէնով, պարզ ու հաղորդական, այլեւ խորազգած ոճով եւ ազգային, քաղաքական ու հասարակական, յատկապէս կիներու իրաւունքներու եւ ազատագրումին առ ի պաշտպանութիւն խիզախ պատգամով` Զապէլ Եսայեան արդէն ուշադրութիւն գրաւած հեղինակ էր, երբ 1908-ի օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք վերադարձաւ Պոլիս եւ լծուեցաւ գրական թէ հասարակական աշխուժ գործունէութեան:
Շռնդալից ազդեցութիւն գործեց 1909-ին լոյս տեսած իր «Կեղծ հանճարներ» վէպը, ուր անխնայ հեգնանքի նշաւակ դարձուց այլապէս հայ գրականութեան իւրօրինակ ու տարօրինակ հսկաներէն Տիրան Չրաքեանը` ԻՆՏՐԱ-ն: Այդ շրջանէն իսկ զգալի դարձաւ հակասութիւնը Զապէլ Եսայեան «մետալ»-ի երկու` ներհակ երեսներուն. որքան սիրելի եւ հոգեհարազատ էր վիպագիրը, այնքան յաւակնոտ եւ ինքնակեդրոն էր մտաւորականը:
1909-ին, Ատանայի կոտորածներուն առիթով, Զապէլ Եսայեան մաս կազմեց ջարդի պատասխանատուներու քննիչ յանձնախումբին: Մօտէն իրազեկ դարձաւ ոչ միայն հայոց ողբերգութեան, այլեւ` ընդհանրապէս Կիլիկիոյ հայութեան մեծ տառապանքին թրքական բռնատիրութեան ներքեւ: Այդ ամբողջը գրականօրէն յաւերժութեան յանձնեց 1911-ին լոյս տեսած իր «Աւերակներու մէջ» վէպով, որ կը նկատուի Զապէլ Եսայեանի կարեւորագոյն գործերէն մէկը:
Եղեռնի նախօրեակին Պոլսոյ հայ կեանքին եւ յատկապէս գրական-մշակութային մեծ զարթօնքին գլխաւոր դրօշակիրներէն եղաւ Զապէլ Եսայեան: Գեղապաշտ սերունդի յառաջապահներէն էր, միաժամանակ` հայ ազգային-ազատագրական շարժման պատգամաբերներուն ամէնէն դիւրահաղորդ եւ ժողովրդականութիւն վայելող կին հեղինակն էր, որ իր պատկանած կուսակցութեան` ՀՅԴաշնակցութեան Պոլսոյ պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»-ի էջերուն, ընթերցող հասարակութեան փնտռուած ստորագրութիւնը դարձաւ:
Թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան նախօրէին Զապէլ Եսայեան անցաւ Պուլկարիա` խոյս տալով թրքական ոստիկանութեան հետապնդումներէն: Հոնկէ` Սեւ ծովի վրայով անցաւ Թիֆլիս, ուր շարունակեց իր աշխուժ գործունէութիւնը թէ՛ գրական-ստեղծագործական, թէ՛ ազգային-քաղաքական բնագաւառներու մէջ: Այդ շրջանին կարեւոր աշխատակցութիւն բերաւ Ռուբէն Դարբինեանի խմբագրած «Գործ» հանդէսին: Այդ շրջանին գրեց նաեւ Սեբաստացի Մուրատի սեւծովեան հերոսական ոդիսականին նուիրուած յուշավէպը:
1919-ին, երբ վերստին հաստատուած էր Փարիզ, Զապէլ Եսայեան մաս կազմեց Աւետիս Ահարոնեանի գլխաւորած Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան, որ մասնակցեցաւ խաղաղութեան համար գումարուած խորհրդաժողովներուն` հայոց իրաւունքները յիշեցնելով եւ արդարութեան ու իրաւունքի մեր դատին պահանջատէր կանգնելով:
Նոյն այս շրջանին Զապէլ Եսայեան ապրեցաւ իր կեանքին մեծագոյն շրջադարձը: Ամբողջապէս հիասթափուեցաւ Եւրոպայէն եւ կատաղօրէն հակադրուեցաւ մեծապետական շահամոլութեան, ինչ որ պոլշեւիկեան «արեւածագ»-ին նկատմամբ թիւրահաւատութեան մղեց զինք: Զապէլ Եսայեան ապրեցաւ կտրուկ դաւանափոխութիւն` գինիէն դարձած քացախի պէս… ոչ միայն կռնակ դարձուց երէկի իր պաշտամունքին առարկան եղող ազգային-ազատագրական շարժման արժէքներուն, այլեւ անհաշտ եւ մաղձոտ պայքար բացաւ անցեալին դէմ:
Միայն մէկ օրինակ տալու համար կ՛արժէ առանձնացնել Աւետիս Ահարոնեանի նկատմամբ Զապէլ Եսայեանի… «սրտափոխութիւն»-ը:
Զապէլ Եսայեանի կողմէ 1910-ականներուն «Հայ գրականութեան թուխ Արամազդ»-ը հռչակուած Աւետիս Ահարոնեան 1926-ին թիրախ դարձաւ արդէն խորհրդային հակադաշնակցական մաղձով թունաւորուած Զապէլ Եսայեանի վարաբեկիչ գրոհներուն: Զապէլ Եսայեան միայն հեգնանքի եւ արգահատանքի արժանի նկատեց… հայկական ազատամարտի մեծագոյն երգիչին:
Իր վերիվայրումներով հանդերձ, Զապէլ Եսայեան հայ ժողովուրդին կտակեց գրական-մտաւորական հարուստ ժառանգութիւն մը, որ ներշնչման աղբիւր դարձաւ յետեղեռնեան հայոց սերունդներուն:
Զապէլ Եսայեան եղաւ իր սերունդի արեւմտահայ առաջին գրողն ու մտաւորականը, որ փարիզեան իր հանգիստ կեանքն ու ունեցուածքը ետին ձգած, իր երկու զաւակներով 1934-ին փութաց Խորհրդային Հայաստան` վերջնականապէս հոն հաստատուելու որոշումով:
Իր ընտրանքը օրինակելի դարձնելու մղումով, 17 դեկտեմբեր 1934-ին, Երեւանէն Աւետիք Իսահակեանի ուղղուած նամակի մը մէջ, Զապէլ Եսայեան ջերմագին կը յորդորէր այդ ժամանակ դեռ արտասահման ապրող Իսահակեանին, այլեւ ընդհանրապէս Սփիւռքի իր գրչեղբայրներուն, որ այլեւս վերադառնան Հայաստան, ուր կը կերտուի հայ ժողովուրդին լուսաւոր գալիքը:
Ողբերգականօրէն Զապէլ Եսայեան միայն երեք տարի կրցաւ վայելել բերկրանքը հայրենի հողին. Ստալինեան հալածանքներու շրջանին, 1937-ին, Զապէլ Եսայեան իր կարգին ձերբակալուեցաւ եւ աքսորուեցաւ…
Տաղանդաւոր գրողի եւ համարձակախօս մտաւորականի կանացի դէմքը մահացաւ աքսորի մէջ, որոշ աղբիւրներու համաձայն` 1943 թուին: