ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
By adminx - Sat Jul 30, 6:35 am
- 0 Comments
- 11 views
- Tweet
Email
Print
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանը եւ պետական նախարար Մարուան Խէյրէտտինը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Պեզզի յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը ազգային կարիք է եւ անհրաժեշտութիւն:
ԸՍՏ «Լիուա» օրաթերթին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ մարոնի համայնքի Ռայի պատրիարքին յայտնած է, որ ինք կտրականապէս կը մերժէ համամասնականութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Ֆրենսիս Կայի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Զիատ Ասուատ ընդգծեց ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆիի պաշտօնազրկումը, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց ջնջելու զինուորական ատեանը, որուն գոյութիւնը անիմաստ նկատեց:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մրատ յայտնեց, որ լիբանանցի որոշ անձնաւորութիւններու Միացեալ Նահանգներ մուտքի արգիլումը կը միտի խանգարել Լիբանանի կառավարութեան աշխատանքը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Հըզպալլա նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի դէմ արշաւ մը կը կազմակերպէ` աւելցնելով, որ այդ մէկը քաղաքական սպանութեան փորձ մը կը նկատուի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատուներէն Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Սայտայի մէջ գործուած պայթումը, որուն թիրախը ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերն էին, ուղղակիօրէն առնչուած է Սուրիոյ իրադարձութիւններուն:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու բանբեր Նիրաժ Սինկ շեշտեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն թիւը նուազում չէ արձանագրած` աւելցնելով, որ Լիբանանի կառավարութիւնն է իրենց ապահովութեան պատասխանատուն:
«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան առումով երկխօսութեան կարելի չէ սկսիլ, մինչեւ որ Սուրիոյ կացութիւնը յստականայ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Քասեմ Հաշեմ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի հետ եւ քննադատեց կարգ մը դեսպաններուն յայտարարութիւնները` Լիբանանի կառավարութեան մասին:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Իպրահիմ Նաժժար յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի դէմ գործուած պայթումը կը միտի երկրին մէջ ապահովական եւ քաղաքական հրդեհներ բռնկեցնել:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ կառավարութեան յաջորդ նիստին ընթացքին քննարկուելիք օրակարգին միայն տասը կէտերը կը վերաբերին ուժանիւթի նախարարութեան:
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, 2 օգոստոսին տեղի ունենալիք կառավարութեան նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղարար ուժերը թիրախ դարձնող պայթումը:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի կրնայ Պէյրութ վերադառնալ յառաջիկայ 5-12 օգոստոսի ժամանակամիջոցին:
- 0 Comments
- 11 views
- Tweet
Email
Print



