ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Եւ եղեւ 2015: Վերջապէս: Եկաւ այնքան սպասուած, ակնկալութիւններով այնքան բեռնաւոր այս տարին:
Գիտէ՞ք` ի՜նչ կարեւոր թուական է ան:
150-ամեակն է Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիական պատերազմի աւարտին, ինչպէս նաեւ` նախագահ Էպրըհեմ Լինքըլնի ահաբեկման:
75-ամեակն է առաջին ՄըքՏանըլտ ճաշարանի բացումին:
50-ամեակն է «Երաժշտութեան ձայնը» ժապաւէնի առաջին ներկայացման:
50-ամեակն է նոյնպէս Մարթին Լութըր Քինկ կրտսերի Սելմայէն Մանթկամըրի քայլարշաւին:
Եւ այսպէս, այս տարի կայ շարք մը կարեւոր «ամեակներ»-ու, ինչպէս կը վկայէ ամերիկեան մեծազդեցիկ շաբաթաթերթը` «Թայմ»-ը, իր վերջին թիւով:
Մեծ եղե՞ռնը, Հայոց ցեղասպանութի՞ւնը:
Կ՛երեւի տեղեակ չէ «Թայմ»-ի խմբագրութիւնը: Կ՛երեւի` մարդ չէ յուշած, թէ այդպիսի բան մըն ալ կատարուած է ասկէ 100 տարի առաջ:
Կամ, եթէ տեղեակ է, ապա կ՛երեւի իր էջերուն մէջ յիշատակուելու չափ կարեւոր չէ… Կամ` ցանկալի՛ չէ:
Մենք սակայն գործի վրայ ենք, ամէն տեղ միացեալ յանձնախումբեր ենք կազմած, ենթայանձնախումբերով ու ենթա-ենթայանձնախումբերով հանդերձ եւ ոգի ի բռին կ՛աշխատինք աշխարհը տեղեկացնելու, թէ` «Կը յիշենք ու կը պահանջենք»:
Անմոռո՜ւկը վկայ: Ի՞նչ կը պահանջենք, շատ յստակ չէ:
Պիտի աշխատինք ու հաղորդագրութիւններ պիտի ուղարկենք մամուլին եւ պիտի ուրախանանք, եթէ հարիւրէն մէկը երկու տողով անդրադառնայ, թէ հայերը կը վերյիշեն իրենց մէկուկէս միլիոն նահատակները, ցոյցերու պիտի մասնակցինք ու երեկոյեան պիտի գամուինք մեր հեռատեսիլի պաստառներուն առջեւ` ստուգելու, թէ ո՞ր կայանը անդրադարձաւ մեր հսկայ ճիգին, հոգեհանգիստներ պիտի կատարենք ու մեզի հետ աղօթելու պիտի հրաւիրենք բարեպաշտ օտար եկեղեցականները, ոգեկոչման հանդիսութիւններ պիտի կազմակերպենք ու ծափահարենք մեր ընտրաշրջաններու քաղաքական դէմքերը, որոնք հայանպաստ խօսքեր պիտի հնչեցնեն մեր ականջներուն` մե՛ր բեմերէն…
Յետոյ պիտի տպաւորուինք այն իրադարձութիւններով, որոնք տեղի կ՛ունենան այլուր, ի մասնաւորի այնտեղ, ուր գործադրուեցաւ մարդկութեան դէմ Մեծ ոճիրը. ո՜հ, պիտի ըսենք, բան մը սկսեր է փոխուելու այնտեղ, արդարութիւնը ի վերջոյ պիտի գերակշռէ ու… տեղ մը եկեղեցի մը վերանորոգուի, ուրիշ տեղ մը կալուած մը կը վերադարձուի, տակաւին տեղ մըն ալ Ուիլիըմ Սարոյեանի անունով փողոց մը կը մկրտուի:
Ցնծա՛, հայութիւն:
Ցնծա՛, հայութիւն եւ… քուն եղիր բալաս:
Եւ մեր կեանքը պիտի շարունակուի 2015-էն ետք ճիշդ այնպէս, ինչպէս` 2015-էն առաջ:
Աշխարհ, աւելի ճիշդ` գերուժերը, ա՛լ աւելի ճիշդ` աշխարհի գանձը իրենց ձեռքը պահող սակաւատէրները իրենց կամքը պիտի պարտադրեն մեզի, աւելի ճիշդ` գերուժերուն, ա՛լ աւելի ճիշդ` աշխարհի՛ն, որ լռենք, որ թոյլ տանք, որ մեր իրաւունքները ոտնակոխուին, մեր երկրի ընդերքը կողոպտուի, մեր երկիրը հայաթափուի, մեր գաղութները քանդուին, մեր գոյութիւնը վերջ գտնէ:
Բացի եթէ… բացի եթէ գիտնանք ինչպէ՛ս ընել, որ հաշուի առնուինք այդ սակաւատէրերուն կողմէ, նկատառելի ուժ դառնանք…
Օրինակ, Մըք Արմէն ճաշարաններու շարք մը սկսինք մէջտեղ բերելու ու կարենանք այնպիսի աշխարհատարած նախաձեռնութեան մը վերածել զայն, որ ո՛չ թէ 75 տարի ետք, այլ հինգ տարի ետք անգամ «Թայմ»-երը յիշեն անոր յոբելեանը… Կամ` այնպիսի աղմկայարոյց ու աշխարհակալ ժապաւէն մը արտադրենք, որ «Երաժշտութեան ձայնը» մոռցուի նոյնիսկ… Կամ այնպիսի քայլարշաւ մը կազմակերպենք, որ…
Սակայն եկէք` լրջանանք:
2015-ը մոգական թուական մը չէ:
Այո՛, պիտի շարունակենք մեր կեանքը ու պիտի կրենք մեր խաչը, այնպէս` ինչպէս ըրինք հարիւր տարի: Սակայն ատենը չէ՞, որ ազգովին կեցուածք ունենանք բոլորին հանդէպ, որ մեզ կ՛ուզեն այս կամ այն ձեւով խաբել, թմրեցնել, լռեցնել, իրենց կամքը պարտադրել, բարեկամ ըլլան անոնք թէ թշնամի: Գիտնանք ո՛չ ըսել, գիտնանք մեր արժէքներուն տէր ըլլալ, գիտնանք մեր ներքին մանրուքներէն ձերբազատիլ ու իբրեւ ազգ ներկայանալ աշխարհին, այդ ազգին մէջ ներառելով հայրենիք եւ սփիւռք` փոխադարձ յարգանքով ու փոխադարձ տիրութեան զգացումով: Համախումբ` մեր սահմաններու պաշտպանութեան համար, համախումբ` մեր իրաւունքներու պաշտպանութեան համար, համախումբ` մեր ինքնութեա՛ն պաշտպանութեան համար:
Այսպիսի վճռակամութեամբ դիմաւորենք այս հարիւրամեակը եւ գալիք հարիւրամեակները…