Friday May 24, 2013

ՇՈՒՇԻ. ԻՏԱԼԱՑԻ ՔԱՆԴԱԿԱԳՈՐԾՆԵՐԸ ԱՇԽՈՒԺՕՐԷՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ «ՅԱԿՈԲ ԳԻՒՐՋԵԱՆ» ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՍԻՄՓՈԶԻՈՒՄԻՆ

By adminx - Fri Jul 29, 6:48 am

Սիմփոզիումին ընթացքին ներկայացուած գործերէն մէկը

Մինչ Ազրպէյճան կը շարունակէ իր ջղագարութիւնը` Ղարաբաղ այցելողներու հետ կապուած, եւ կը յայտարարէ, որ անոնց առջեւ պիտի փակուին բոլոր դռները եւ ազրպէյճանցիներուն համար անոնք պիտի դառնան անբաղձալի անձնաւորութիւններ, իտալացի քանդակագործները կը շարունակեն Արցախի Շուշի քաղաքին մէջ ստեղծել իրենց նոր գործերը:

Շուշիի «Նարեկացի» արուեստի միութեան մէջ 18 յուլիսին սկսած «Յակոբ Գիւրջեան» քանդակի առաջին միջազգային սիմփոզիումի իտալացի մասնակիցներուն չի հետաքրքրեր, թէ Ազրպէյճան ի՛նչ կը յայտարարէ եւ ինչպէ՛ս կը վերաբերի իրենց այցելութեան նկատմամբ: Անոնք կը շարունակեն իրենց աշխատանքները, որոնք արդէն աւարտին կը մօտենան. քանդակագործները իրենց ստեղծագործութիւններուն վերջին յղկումները կը կատարեն` սիմփոզիումի փակումէն առաջ:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement