ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՕՍԵԹԻԱ Կ՛ՈՒԶԷ ՌՈՒՍԻՈՅ ՀԵՏ ԴԱՇՆԱԿՑԱՅԻՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՍՏԵՂԾԵԼ
By adminx - Fri Jul 29, 6:23 am
- 0 Comments
- 11 views
- Tweet
Email
Print
Հարաւային Օսեթիոյ նախագահ Էտուարտ Քոքոյթի ճափոնական «Մայնիթի» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Հարաւային Օսեթիա մտադիր է Ռուսիոյ հետ դաշնակցային պետութիւն ստեղծել:
«Մենք կը կառուցենք անկախ պետութիւն մը, որուն ժողովուրդը միշտ պիտի յիշէ Ռուսիոյ աջակցութիւնը եւ անխօս` մենք պիտի ձգտինք անոր հետ դաշնակցային պետութիւն ստեղծելու: Ռուսիան եղած է եւ պիտի մնայ մեր հիմնական ռազմավարական գործընկերն ու դաշնակիցը», յայտարարած է Քոքոյթի:
Ան կարծիք յայտնած է, որ Ռուսիան մտադիր չէ իրեն կցելու Հարաւային Օսեթիան, այլ` պայմաններ կը ստեղծէ, որպէսզի Հարաւային Օսեթիոյ անկախութիւնը ամրապնդուի եւ զարգանայ:
- 0 Comments
- 11 views
- Tweet
Email
Print




