Sunday May 19, 2013

ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԱՐԶԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

By adminx - Thu Jul 28, 6:57 am

Նախարար Սապունճեան` Հիւսիսային Լիբանանի ճարտարարուեստի մարզի ներկայացուցիչներուն հետ

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան մէջ ընդունեց հիւսիսային Լիբանանի ճարտարարուեստի մարզի ներկայացուցիչները, որոնց հետ քննարկեց երկրին ճարտարարուեստի մարզը յուզող հարցերը:

Հիւսիսային Լիբանանէն ժամանած պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց նախարար Սապունճեանը` անոր ստանձնած պաշտօնին առիթով, ինչպէս նաեւ անոր ներկայացուց ճարտարարուեստի մարզի ներկայացուցիչներուն դիմագրաւած հարցերը:

Նախարար Սապունճեան հաստատեց, որ նախարարութիւնը պիտի աշխատի այս հանգրուանին հիմնել ճարտարարուեստի յատուկ շրջաններ, որոնք սարքաւորուած պիտի ըլլան արդի ենթակառոյցով եւ որոնք առիթ պիտի ընծայեն, որ ամբողջ Լիբանանի տարածքին կարելի ըլլայ ներդրումներ ապահովել եւ բնականաբար հաւասարակշռուած բարգաւաճում իրագործել:

Նախարար Սապունճեան խոստացաւ մօտիկ ապագային ընդառաջել հիւսիսային Լիբանան այցելութեան հրաւէրին` իմանալու համար հիւսիսային Լիբանանի ճարտարարուեստի մարզին ընդհանուր ընթացքն ու անոր կարիքները:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement