ԼՈՂԱՐՇԱՒ. ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՎՈԼՄԸՐ ՏԻՐԱՑԱՒ ԱՇԽԱՐՀԻ 100 ՄԵԹՐ ԹԻԹԵՌՆԻԿԻ ԼՈՂԻ ԱՌԱՋՆՈՒԹԵԱՆ
By adminx - Wed Jul 27, 6:07 am
- 0 Comments
- 2 views
- Tweet
Email
Print
Չինաստանի Շանկհայ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի լողարշաւի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, ամերիկացի Տանա Վոլմըր տիրացաւ աշխարհի 100 մեթր թիթեռնիկի լողի առաջնութեան` արձանագրելով 56″ 87 արդիւնք մը:
Աւստրալիացի Ալիսիա Քութս, որ արձանագրեց 56″ 94 արդիւնք մը, տիրացաւ արծաթ մետալին, իսկ Եինկ Լու (Չինաստան), որ արձանագրեց 57″ 06 արդիւնք մը, արժանացաւ պրոնզ մետալին:
Տղոց 4×100 մեթր մրցումներուն Աւստրալիա մեծ անակնկալի բերաւ Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգները, երբ 3′ 11″ 00 արդիւնք մը արձանագրելով հանդիսացաւ առաջին: Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքը գրաւեցին Ֆրանսա (3′ 11″ 14) եւ Միացեալ Նահանգներ (3′ 11″ 96):
- 0 Comments
- 2 views
- Tweet
Email
Print




