«ՀՅԴ Կ՛ԸՆԴԳԾԷ ՆԵՐՔԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ» ՇԵՇՏԵՑ ՅՈՎԻԿ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
By adminx - Tue Jul 26, 7:06 am
- 0 Comments
- 6 views
- Tweet
Email
Print
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան «Սաութ Մատա» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց ներքին լիբանանեան երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը` անկախ հակառակորդ ուժերուն միջեւ տիրող քաղաքական տարակարծութիւններէն:
Ան ընդգծեց, որ երկխօսութիւնը ամէն պարագայի օգտակար է երկրին համար:
Պատասխանելով Հըզպալլայի ապազինման մասին հարցումի մը` Յ. Մխիթարեան յայտնեց, որ նոր իշխանամէտներուն մօտ այդ մէկը քննարկելի հարց չէ` աւելցնելով, որ քննարկումի հիմնական առարկան երկրին պաշտպանութեան ռազմավարութիւնն է եւ ոչ թէ Հըզպալլայի զինաթափումը:
Այս իմաստով Յ. Մխիթարեան լաւատեսութեամբ հաստատեց, որ օրը պիտի գայ եւ կարելի պիտի ըլլայ այդ թղթածրարին լուծում ապահովել:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը նկատել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուած բոլոր իրադարձութիւններուն եւ Լիբանանի վրայ դրուած արտաքին գրաւներուն համար լիբանանցի քաղաքացիները սուղ կը վճարեն:
- 0 Comments
- 6 views
- Tweet
Email
Print



