ՊՐԱՅԶԱ. «ՊԱՔՈՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՕՐ ՄԸ ԻՐ ԴՌՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԲԱՆԱՅ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ԱՌՋԵՒ»
By adminx - Tue Jul 26, 6:57 am
- 0 Comments
- 16 views
- Tweet
Email
Print
Ըստ ազրպէյճանական «1news.az» լրատուական կայքէջին, Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան տարածած հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է, որ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մեթիու Պրայզա կը հաւատայ, թէ Պաքուի հայկական եկեղեցին օր մը իր դռները պիտի բանայ հաւատացեալներուն առջեւ:
Կը նշուի, որ Պրայզա քանի մը օր առաջ այցելած է Պաքուի հայկական եկեղեցին եւ «բաւարարուած է կրօնական յուշարձաններուն նկատմամբ քաղաքացիներուն եւ իշխանութիւններուն վերաբերմունքով»:
23 յուլիսին դեսպանը այցելեց նաեւ ուտիական եկեղեցի եւ Կապալայի շրջանի Նիճ գիւղին մէջ հանդիպում ունեցաւ ուտիներու համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
- 0 Comments
- 16 views
- Tweet
Email
Print




