Saturday May 25, 2013

«ԱՍՊԵՏ» ՌԱԶՄԱՄԱՐԶԱԿԱՆ ՃԱՄԲԱՐԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒ ՆՊԱՏԱԿՈՎ` 16 ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ՈՒՂՂՈՒԵՑԱՆ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂ

By adminx - Mon Jul 25, 6:44 am

«Արցախ ֆոնտ»ին եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Վլադիկ Խաչատրեանին համագործակցութեամբ եւ վերջինիս հրաւէրով, լիբանանցի աշակերտներ երէկ երեկոյեան երկրորդ տարին ըլլալով, ուղղուեցան Լեռնային Ղարաբաղ` մասնակցելու համար «Ասպետ» ռազմամարզական ճամբարին:

Ճամբարի գործունէութեանց ծիրին մէջ, լիբանանահայ վարժարաններու աւարտական դասարաններու աշակերտները առիթը պիտի ունենան կապ հաստատելու իրենց տարեկից արցախցի երիտասարդներու հետ` մասնակցելու զանազան ձեռնարկներու, ծանօթանալու Արցախի պատմական ու մշակութային արժէքներուն, այցելելու բանակի զօրամասերը եւ մօտէն ծանօթանալու հայ զինուորի առօրեային:

Այս բոլորին զուգահեռ լիբանանահայ երիտասարդները անգամ մը եւս պիտի հաստատեն, որ սփիւռքահայութիւնը, յատկապէս` լիբանանահայութիւնը, զօրավիգ է ու մասնակից` Արցախի պետականութեան ամրապնդման ու հզօրացման:

Նշենք, որ լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններու աւարտական դասարաններէն 11 աշակերտներ անցեալ տարի ուղեւորուեցան Արցախ` մասնակցելու համար նոյն ճամբարին, որ տարեկան հերթականութեամբ նախարարութեան կողմէ կը կազմակերպուի Արցախի Այգեստան գիւղին մէջ:

«Ասպետ» ռազմամարզական ճամբարին մասնակցող երկրորդական վարժարաններն են.

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ

Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարան

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան

Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճ

ՀԲԸՄ-ի Դ. Յակոբեան-Յովակիմեան Մանուկեան վարժարան

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան

Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան

Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան

Լիբանանահայ աշակերտները «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ դիմաւորուեցան Արցախի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի տեղակալին եւ Հայաստանի մէջ Արցախի ներկայացուցիչին կողմէ: Անոնք արդէն ուղղուած են Արցախ եւ կը մասնակցին «Ասպետ» ճամբարին:

 

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement