Saturday May 25, 2013

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

By adminx - Mon Jul 25, 6:35 am

Երկաթուղիէն դուրս եկած վակոնները

ԹՐՔԱԿԱՆ պետական լրատու գործակալութեան համաձայն, Սուրիա – Թուրքիա սահմանին մօտ, Մարտինի Էօմերլի շրջանին մէջ շաբաթավերջին թրքական ուժերուն եւ քիւրտ զինեալներուն միջեւ տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին սպաննուած են երեք թուրք զինուորներ:

ԻՐԱՆԻ պետական լրատու գործակալութեան համաձայն, շաբաթ օր Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ անծանօթ զինեալներու կողմէ սպաննուեցաւ հիւլէական գիտութիւններու մասնագէտ Տարիուշ Ռեզայ Նեժատը:

ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ Չինաստանի արեւելքը գտնուող Զհէյճիանկ քաղաքին մէջ կայծակի հարուածով յանկարծ կանգ առած արագընթաց շոգեկառքի վակոններու բախումին պատճառով արձանագրուեցաւ 35 զոհ, մինչ վիրաւորուեցան 210 ուրիշներ: Բախումին պատճառով շոգեկառքի վակոններէն չորսը կամուրջէն վար գլորեցան:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement