ՉԻԼԻՑԻ ԱԼԵՔՍԻՍ ՍԱՆՉԵՍ ՄԻԱՑԱՒ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻ
By adminx - Sat Jul 23, 6:13 am
- 0 Comments
- 2 views
- Tweet
Email
Print
Եւրոպայի եւ Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբը յաջողեցաւ ձեռք ձգել չիլիցի յառաջապահ Ալեքսիս Սանչեսի ստորագրութիւնը` փոխան 37 միլիոն ամերիկեան տոլարի:
22 տարեկան Սանչես, որ մաս կը կազմէ Ուտինեզէի, յառաջիկայ երկուշաբթի օր հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ Պարսայի հետ` բժշկական քննութիւններու ենթարկուելէ ետք:
Անոր ժամանումը շատ հաւանաբար մեկնումի դուռ բանայ Սպանիոյ 21 տարեկանէն վար կրտսերներու ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող Պոժան Քրքիչի, որ շատ հաւանաբար միանայ Ա. Էս. Ռոմայի:
Սանչես, որ նախորդ տարեշրջանին 31 մրցումի ընթացքին նշանակեց 12 կոլ, այսպիսով կը հանդիսանայ առաջին մարզիկը, որ նախորդ տարեշրջանին աւարտէն ետք կը միանայ մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլայի կազմին:
- 0 Comments
- 2 views
- Tweet
Email
Print




