ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՏԱՆ ԱՐՏԱՔԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ 43 ԹԵՐ ԵՒ 1 ԴԷՄ ՔՈՒԷՆԵՐՈՎ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ ՊԱՀԱՆՋՈՂ ԲԱՆԱՁԵՒԸ
By adminx - Fri Jul 22, 6:56 am
- 0 Comments
- 14 views
- Tweet
Email
Print
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը 43 թեր եւ 1 դէմ քուէներով վաւերացուց արտաքին գործոց նախարարութեան արտաքին օժանդակութիւններու ուղղութիւններու գնահատման եւ յանձնարարականներու մասին բանաձեւին մէջ ազատութիւններու մասին առաջադրուած յատուկ լրացումը:
Բանաձեւի 2-րդ բաժինին մէջ աւելցուած 208-րդ դրոյթով Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղուի` հայկական եւ քրիստոնէական միւս բոլոր եկեղեցիները վերադարձնելու իրենց պատմական տէրերուն, անոնց մէջ թոյլատրելու հոգեւոր արարողութիւններ կատարել, վերցնելու կրօնական խտրականութիւնները:
Առաջարկի հիմքը «Եկեղեցիներու վերադարձման» մասին տակաւին շաբաթներ առաջ քոնկրեսին մէջ շրջանառութեան դրուած թիւ 306 բանաձեւն էր: Ատոր հեղինակներն են արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամներ դեմոկրատական Հաուըրտ Պըրմըն ու հանրապետական Էտ Ռոյս:
Իսկ արտաքին գործոց նախարարութեան բանաձեւին մէջ համապատասխան լրացումը կատարելու առաջարկով Հաուըրտ Պըրմընին միացած էր դեմոկրատական Տէյվիտ Սիսիլինին: Բանաձեւին մեծապէս աջակցած են Ամերիկայի հայկական, յունական եւ ասորական համայնքները:
Քուէարկութեան ընթացքին գրեթէ բոլոր ելոյթ ունեցողները շեշտած են այդպիսի բանաձեւի կարեւորութիւնը, Թուրքիոյ մէջ կրօնական ազատութիւններու սահմանափակումը եւ քրիստոնէական համայնքներուն առաւել լայն ազատութիւն տրամադրելու անհրաժեշտութիւնը:
«Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը շարունակէ լուրջ սահմանափակումներ կիրարկել կրօնական ազատութեան հարցին մէջ` այս ենթահողին վրայ ճնշում գործադրելով կամ խտրականութեան ենթարկելով Թուրքիոյ մէջ բնակող կրօնական փոքրամասնութիւնները:
«Եկեղեցիներու վերադարձման մասին լրացումը պիտի օգնէ մեզի աշխարհի ուշադրութիւնը հրաւիրելու Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող այս լուրջ խնդիրին վրայ, երբ կը սահմանափակուին այդ երկրին մէջ բնակող կրօնական փոքրամասնութիւններուն` իրենց կրօնը դաւանելու իրաւունքները», կը շեշտուի բանաձեւին մէջ:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը ողջունեց Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամներուն որոշումը: «Այս քուէարկութիւնը կրօնական ազատութեան համար հզօր յաղթանակ կը խորհրդանշէ: Անիկա նաեւ մէկ քայլ յառաջ է Թուրքիոյ կողմէ ցեղասպանութեան միջոցով գողցուած հազարաւոր քրիստոնէական եկեղեցիներու եւ սրբավայրերու վերադարձման հասնելու ճամբուն վրայ», ըսած է Ուաշինկթընի մէջ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի տնօրէն Արամ Համբարեան:
- 0 Comments
- 14 views
- Tweet
Email
Print




