ԸՍՏ ԱՐԾՈՒԻԿ ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՆՊԱՏԱԿԸ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՆԱԼԸ ԵՒ ԶԱՅՆ ՊԱՀԵԼՆ Է
By adminx - Fri Jul 22, 6:43 am
- 0 Comments
- 4 views
- Tweet
Email
Print
Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան նախանցեալ օր լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց, որ Հայաստանի համար առաջնահերթութիւն չէ Իշխանութեան եւ Հայ ազգային քոնկրեսի երկխօսութեան խնդիրը, կան շատ աւելի կարեւոր հարցեր, որոնք կը վերաբերին երկրին առջեւ դրուած ընկերային-տնտեսական եւ արտաքին քաղաքական մարտահրաւէրներուն:
Ան յայտնեց, որ երկխօսութեան նպատակը իշխանութիւն ունենալը եւ զայն պահելն է, իսկ ատիկա մեր հանրութեան հետ որեւէ առնչութիւն չունի:
Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւոր Գագիկ Մինասեան իր կարգին նշեց, որ երկխօսութեան սկսած հոլովոյթը կարեւորագոյն քաղաքական մշակոյթ կը սերմանէ Հայաստանի մէջ: Ըստ անոր, այն ներուժը, որ գոյութիւն ունի երկրին մէջ ոչ թէ առճակատումներ պիտի բերէ, այլ ատոր շնորհիւ պիտի իրականացուին ծրագիրներ` ի շահ պետութեան եւ ժողովուրդին:
Անդրադառնալով այն հարցին, որ բանակցութեան համար աւելի չէզոք վայր մը կը փնտռուէր, Գագիկ Մինասեան հարցադրումը անլուրջ նկատեց, իսկ Արծուիկ Մինասեան կատակեց. «Դաշնակցութեան գրասենեակին մէջ երկխօսութիւնը թող կատարեն»:
- 0 Comments
- 4 views
- Tweet
Email
Print




