Tuesday May 21, 2013

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԱԽԿԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՄԻՆ ԺԵՄԱՅԷԼԸ

By adminx - Wed Jul 20, 7:00 am

Երէկ` երեքշաբթի, 19 յուլիս 2011-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի վանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլը:

Հանդիպման ընթացքին վեհափառին եւ նախկին նախագահին խորհրդակցութեան գլխաւոր նիւթերը եղան Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդային շարժումները, քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները, Լիբանանի ներկայ կացութիւնը, ինչպէս նաեւ` քրիստոնեայ քաղաքական ղեկավարներուն միջեւ տեղի ունեցող մերձեցման փորձերը:

Վեհափառը յիշեցուց նախկին նախագահին, որ Լիբանանի կայունութեան պահպանումը եւ քրիստոնեայ համայնքներու ղեկավարներուն միջեւ փոխադարձ հասկացողութիւնը հրամայական են` միասնաբար դիմագրաւելու Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները եւ անոնց հետեւանքները:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement