Saturday May 18, 2013

ՍԱՄԻ ԺԵՄԱՅԷԼ ԱՅՑԵԼԵՑ ԷՀՏԵՆ

By adminx - Mon Jul 18, 6:57 am

Սամի Ժեմայէլ եւ Միշել Մուաուատ

Փաղանգաւոր կուսակցութեան գործադիր խորհուրդի նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ  երէկ այցելեց Էհտեն, ուր  հանդիպում ունեցաւ Անկախութեան շարժում հոսանքի նախագահ Միշել Մուաուատի հետ:

Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ Լիբանան չի կրնար հզօրանալ, բացի եթէ անոր քրիստոնեայ համայնքը հզօր է:

Ժեմայէլ անդրադարձաւ պետական նշանակումներու թղթածրարին` նշելով, որ քրիստոնեայ համայնքին ներկայացուցչութիւնը պետական պաշտօններուն պարագային խոցելի է, եւ կոչ ուղղեց հզօրացնելու այդ պաշտօնները:

Իր կարգին, Մուաուատ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ համայնքին պաշտպանութիւնը պետութեան եւ սահմանադրութեան առաքելութիւնն է:

Ան հարց տուաւ Հըզպալլայի, որ մինչեւ ե՞րբ ան կառչած պիտի մնայ իր զէնքին:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement