Sunday May 19, 2013

ՔԼԻՆԹԸՆ – ԷՐՏՈՂԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

By adminx - Mon Jul 18, 6:30 am

Քլինթըն եւ Էրտողան

Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն շաբաթ օր Տոլմապահչէի Թուրքիոյ  վարչապետարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին կողմերը համաձայնութիւն գոյացուցած են ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ հասարակաց դիրքորոշում որդեգրելու եւ համագործակցութիւնը շարունակելու:

Հանդիպումին ներկայ գտնուած է նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու: Քննարկուած են շրջանային հարցեր, մասնաւորաբար Լիպիոյ եւ Սուրիոյ առնչուող հարցերը: Անոնք խօսած են Պոլսոյ մէջ Լիպիոյ շուրջ կապի յանձնախումբի ժողովին յաջողութեան մասին:

Կողմերը նաեւ անդրադարձած են հակահրթիռային պաշտպանութեան նիւթին: Այս առնչութեամբ որոշուած է բանակցային հոլովոյթը ՕԹԱՆ-ի ծիրին մէջ շարունակել:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement