Thursday May 23, 2013

ՍՈՉԻԻ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ԾԽԵԼԸ ԱՐԳԻԼՈՒԱԾ Է

By adminx - Fri Jul 15, 6:08 am

Gazeta.ru կայքէջը տեղեկացուց, որ Սոչիի մէջ տեղի ունենալիք Ողիմպիական խաղերուն ընթացքին ծխելը պիտի արգիլուի:

Ներկայ պահուն կազմակերպիչ կոմիտէն արդէն որոշած է, թէ ինչպէ՛ս պիտի իրագործէ այդ ծրագիրը: «Սոչի-2014»ի կազմակերպիչ կոմիտէն արդէն իսկ մշակեց տեղեկատուական նշաններ, զգուշացման ցուցատախտակներ, ինչպէս նաեւ «էս. էմ. էս.»ի հաղորդագրութիւններ` հետեւեալ գրութեամբ. «Եթէ տեսնուին ծխող մարդիկ, անոնք ազդարարութիւններ պիտի ստանան ծխելը դադրեցնելու մասին»:

Աւելի կանուխ, «Սոչի-2014»ի կազմակերպիչ կոմիտէի ղեկավար Տմիթրի Չերնիշենքօ յայտարարած էր, որ ուրախ կ՛ըլլայ, եթէ խաղերը օգնեն ոեւէ մէկուն ծխելը դադրեցնելու: Անոնք պիտի փորձեն ատոր համար ստեղծել բոլոր պայմանները:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement