ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԵՑԱՒ ԹԱԼԷԱԹ ՓԱՇԱՅԻ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԸ
By adminx - Thu Jul 14, 6:21 am
- 0 Comments
- 41 views
- Tweet
Email
Print
Լոնտոնի «Կոմիտաս» հիմնարկը լոյս ընծայած է Հայոց ցեղասպանութիւնը գործադրած թուրք ղեկավարներէն Թալէաթ փաշայի վերջերս յայտնաբերուած տեղեկագիրն ու անկէ առաջ գտնուած փաստաթուղթերու հաւաքածոն:
Ըստ հայրենի «Ազգ» օրաթերթին, Քանատայի մէջ հրատարակուող «Ապագայ» եռալեզու շաբաթաթերթին փոխանցումով, «Թալէաթ փաշայի տեղեկագիրը Հայոց ցեղասպանութեան մասին, 1917-ին» խորագիրով հատորը խմբագրած եւ նախաբանը գրած է պատմաբան Արա Սարաֆեան: Հատորը յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ այդ օրերուն օսմանեան իշխանութիւնները ինչպէ՛ս կազմակերպած են Հայոց ցեղասպանութիւնը տեղահանութիւններու քողին տակ: Ըստ Թալէաթ փաշայի տուեալներուն, 1,150,000 հայեր «անհետացած են 1915-1917-ի միջեւ»:
- 0 Comments
- 41 views
- Tweet
Email
Print



