Sunday May 19, 2013

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԼԻԱԳՈՒՄԱՐ ՆԻՍՏԵՐԸ ԴԱՐՁԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻ ԵՒ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՑԵԽԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ԹԱՏԵՐԱԲԵՄԵՐ

By adminx - Wed Jul 06, 6:53 am

Խորհրդարանի լիագումար նիստը

Կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհելու խորհրդարանի նիստերը երէկ սկսան` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:

Խորհրդարանի նիստերուն պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ առաւօտեան ժամը 10:30-ին` ներկայութեամբ երեսփոխանական տարբեր պլոքներու ներկայացուցիչներուն:

Նիստէն բացակայեցան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ եւ Մուսթաքպալ հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Սաատ Հարիրի:

Ներկայութեամբ խորհրդարանին եւ նորակազմ կառավարութեան անդամներու, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ներկայացուց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը` շեշտելով, որ կառավարութիւնը կը խնդրէ խորհրդարանին վստահութեան քուէն, որպէսզի կարենայ դիմագրաւել Լիբանանին սպառնացող մարտահրաւէրները:

Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութիւնը պիտի գործէ «Ի խնդիր հայրենիքին` բոլորս դէպի աշխատանք» կարգախօսով: Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը յանձնառու պիտի մնայ երկրին սահմանադրութեան գործադրութեան, ինչպէս նաեւ անշեղ պիտի մնայ Թաէֆի համաձայնագիրին գործադրութեան իր պատասխանատուութենէն:

Պըրրի նիստին բացումը կը կատարէ

Վարչապետը հաստատեց, որ կառավարութիւնը պիտի գործադրէ ընկերային արդարութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի ջանայ ամբողջացնել հաւասարակշռուած բարգաւաճման ծրագիրը` ամրապնդելով իր յարաբերութիւնները արաբական երկիրներուն հետ:

Անդրադառնալով Միջազգային դատական ատեանին հետ Լիբանանի գործակցութեան` Միքաթի ըսաւ հետեւեալը.

«Միջազգային բանաձեւերը յարգելու իր կեցուածքէն մեկնելով` կառավարութիւնը կը շեշտէ իր յանձնառութիւնը` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան դրդապատճառները բացայայտելու առումով, ինչպէս նաեւ կը հաստատէ, որ պիտի շարունակէ աշխատանքը` Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին, որ սկզբունքով կազմուած է իրաւունքը ճշդելու եւ արդարութիւն հաստատելու` խուսափելով որեւէ տեսակի քաղաքականացումէ եւ վրիժառութենէ, ինչպէս նաեւ որեւէ քայլէ, որ իր ժխտական ազդեցութիւնը կրնայ ունենալ Լիբանանի կայունութեան, միասնականութեան եւ քաղաքացիական անվտանգութեան վրայ»:

Հիմնականին մէջ այս բանաձեւը արժանացաւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու երեսփոխաններուն առարկութեան:

Միքաթի աւելցուց նաեւ, որ կառավարութեան առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ մշակել երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող յատուկ օրինագիծ մը, ինչպէս նաեւ պիտի գործադրէ ընկերային եւ տնտեսական ծրագիրներ:

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն անունով խօսք առին շարք մը երեսփոխաններ, որոնք յարձակում գործեցին վարչապետին եւ կառավարութեան դէմ, սակայն հակառակ այն նախատեսութիւններուն, որ խորհրդարանին նիստերը պիտի ըլլան փոթորկոտ, երէկուան զոյգ նիստերը եղան հանդարտ եւ զանազան կատակներուն շնորհիւ տիրեց թեթեւ մթնոլորտ:

Վարչապետ Միքաթի կը ներկայացնէ կառավարութեան ծրագիրը

Միքաթիի արտասանած խօսքէն անմիջապէս ետք խօսք առաւ երեսփոխան Մարուան Համատէ, որ ցաւ յայտնեց, որ իր խղճի տէր բարեկամներէն ոմանք, որոնք կառավարութեան մաս կը կազմեն, հարց չեն տար Միջազգային դատական ատեանին եւ Դիմադրութեան զէնքին մասին:

Համատէ շեշտեց Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին գործունէութեան շարունակութիւնը` Միքաթիէն պահանջելով անմիջապէս ջնջել այդ ատեանին մասին կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ նշուած բանաձեւը եւ որդեգրել այդ ատեանին յանձնառու մնալու եզրը:

Համատէ կոչ ուղղեց կառավարութեան չվերածուելու` «Բոլորս դէպի աշխատանք`  Լիբանանի դէմ գործելու ի խնդիր» կարգախօսը որդեգրող կառավարութեան մը: Համատէ մերժեց իր վստահութեան քուէն շնորհել կառավարութեան:

Երեսփոխան Թամմամ Սալամ իր կարգին մերժեց կառավարութեան շնորհել իր վստահութեան քուէն եւ իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ վարչապետ Միքաթիի կազմած կառավարութիւնը պատասխանատուութիւններէն խուսափելու կառավարութիւն մըն է. ան շեշտեց նաեւ, որ այս հանգրուանին Լիբանանի դիմագրաւած հարցերը մեծ են եւ լուրջ` աւելցնելով, որ իր կարծիքով, Միքաթիի այս կառավարութիւնը ատակ չէ ստանձնելու եւ յաջողցնելու այդ պատասխանատուութիւնները:

Երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր մաղթեց, որ այս կառավարութիւնը ըլլայ հաւասարակշռուած բարգաւաճումի ծրագիրներ գործադրող կառավարութիւն մը: Ան իր վստահութեան քուէն շնորհեց կառավարութեան:

Երեսփոխան Ֆատի Աուար իր խօսքը ուղղելով Միջազգային դատական ատեանէն, իր խօսքերով` ամերիկեւիսրայէլեան ատեանէն արդարութիւն պահանջողներուն, ըսաւ, որ կարելի չէ մեղր պահանջել որեւէ այլ միջատէ կամ սողունէ: Աուար իր վստահութեան քուէն շնորհեց կառավարութեան:

Իր կարգին, երեսփոխան Հատի Հպէյշ մերժեց իր վստահութեան քուէն շնորհել կառավարութեան` շեշտելով, որ նորակազմ կառավարութիւնը անիրաւութեան վրայ հիմնուած է, հետեւաբար` ան խարդախ կառավարութիւն է: Ան շեշտեց, որ այս կառավարութիւնը ճակատագիրին դէմ պայքարելու կառավարութիւն է:

Երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ նորակազմ կառավարութիւնը, որ այսօր խորհրդարանէն վստահութեան քուէ կը պահանջէ, ձախողած է նախքան իր աշխատանքին սկսիլը: «Իսկ եթէ կայ խորհուրդ մը, որ կ՛ուզենք փոխանցել վարչապետին եւ նախարարներուն, ապա անիկա պիտի ըլլայ կոչ ուղղել անոնց վերադառնալու իրենց ուշքին, որովհետեւ իրենց որդեգրած աղօտ կեցուածքներով ոչ մէկ վէրք ամոքած կ՛ըլլան, այլ ընդհակառակն` կրակին վրայ ձէթ թափած», ըսաւ ան` մերժելով վստահութեան իր քուէն շնորհել կառավարութեան:

Երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի նշեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը միակ միջոցն է արդարութեան բանեցման, որովհետեւ այսօրուան դրութեամբ Լիբանանի դատական իշխանութիւնները անկարող են արդար դատավարութիւն կատարելու:

Ան ըսաւ, որ արդարութիւնն է երկրին կայունութեան եւ բարգաւաճման երաշխիքը` շեշտելով, որ ինք վստահութեան քուէ չի շնորհեր այս կառավարութեան:

Երեսփոխան Պիլալ Ֆարհաթ շեշտեց, որ իրենք կը ճանչնան նախարարները եւ քաջ գիտեն, որ անոնք յանձնառու են Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն գերագոյն շահերուն պաշտպանութեան, հետեւաբար` ան իր վստահութեան քուէն շնորհեց կառավարութեան:

Երեսփոխան Խտըր Հապիպ յայտնեց, որ ինք կը մերժէ վստահութեան քուէ շնորհել այնպիսի կառավարութեան մը, որ կը մերժէ միջազգային արդարութիւնը:

Երեսփոխան Ամմար Հուրի կոչ ուղղեց կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու` շեշտելով, որ այս կառավարութիւնը ժողովրդականութիւն չունի: Ան մերժեց իր վստահութեան քուէն շնորհել կառավարութեան:

Երեսփոխան Մարուան Ֆարես իր արտասանած խօսքին մէջ նորակազմ կառավարութեան շնորհեց իր վստահութեան քուէն` անկէ պահանջելով, որ Միջազգային դատական ատեանին մաս կազմող լիբանանցի դատաւորները տուն կանչէ եւ այդ ատեանին ֆինանսաւորումը կասեցնէ:

Երեսփոխան Նեպիլ տը Ֆրէյժ շեշտեց, որ կառավարութիւնը կազմուած է հարուածելու եւ փճացնելու համար Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը: Հետեւաբար` ան մերժեց իր վստահութեան քուէն շնորհել կառավարութեան:

Երեսփոխան Ալի Ամմար զարմանք յայտնելով հարց տուաւ, որ արդեօք վարչապետ Միքաթի կամ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել Հըզպալլայի՞ն անդամակցած են եւ ինք անտեղեակ մնացած է, «կամ արդեօք Սահնաուի, Նահհաս, Տիապ եւ Շարպել ընտանիքները սեւ շապիկնե՞ր կը հագուին», աւելցուց ան` մերժելով կառավարութիւնը Հըզպալլայի կառավարութիւն նկատելու ամբաստանութիւնները:

Ան շեշտեց, որ իր վստահութեան քուէն կը շնորհէ կառավարութեան եւ իր խօսքը ուղղելով երեսփոխան Մարուան Համատէին, ըսաւ. «Կը ներես, որ Դիմադրութիւնը յուլիսեան պատերազմին չպարտուեցաւ, այլապէս` Միջազգային դատական ատեանին եւ նախնական ամբաստանութեան կարիքը չէր զգացուեր»:

Երեկոյեան ժամը 6:00-ին, խորհրդարանը սկսաւ իր երկրորդ նիստին, որուն սկիզբը խօսք առաւ խորհրդարանի փոխնախագահ, երեսփոխան Ֆարիտ Մքարի, որ կոչ ուղղեց կառավարութեան պատասխանատուութեամբ վարուելու` ընդգծելով, որ այլապէս անիկա գործուած ոճիրներուն մեղսակիցը կը նկատուի:

Ան մերժեց վստահութեան քուէ շնորհել կառավարութեան` նկատել տալով, որ Դիմադրութեան զէնքը ապօրինի է:

Ապա խօսք առաւ երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ, որ յայտնեց, թէ նորակազմ կառավարութիւնը Լիբանանը զետեղած է Միջազգային հանրութեան դէմ կանգնելու կացութեան մէջ, ինչ որ կառավարութենէն կը խլէ անոր բարոյական անձեռնմխելիութիւնը: Այս ծիրին մէջ ան կառավարութեան վստահութեան քուէ չշնորհեց:

Երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ պիտի բաւարարուի ձեռնպահ մնալով. ան աւելցուց, որ իրենք կառավարութենէն կը պահանջեն լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ երկփեղկումը չխորացնել, ինչպէս նաեւ առաջնահերթութիւն ընծայել լիբանանցիներուն ծառայութեան:

Երեսփոխան Ալի Պեզզի իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ Միջազգային դատական ատեանին վերաբերող բանաձեւին` նշելով, որ այդ բանաձեւը մշակուած է միջազգային օրինական չափանիշներով: Ան վստահութեան քուէն շնորհեց կառավարութեան:

Երեսփոխան Նաուար Սահիլի կոչ ուղղեց Լիբանանի դատական իշխանութիւններուն` ամէն ջանք ի գործ դնելու նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան թղթածրարին առնչուած սուտ վկաներուն ճակատագիրը բացայայտելու համար: Ան հաւանական նկատեց, որ Հարիրիի սպանութիւնը գործուած ըլլայ թշնամի Իսրայէլի կողմէ:

Սահիլի դիտել տուաւ, որ Միջազգային դատական ատեանին գործած եղանակով Հարիրիի սպանութեան մասին ճշմարտութիւնը եւս պիտի աւանդէ իր հոգին:

Երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ կառավարութեան մշակած աշխատանքային ծրագիրը ազգային միասնականութեան ոգիէն դուրս եկած է:

«Եթէ վարչապետ Սաատ Հարիրի նահատակներուն շուրջ սակարկութիւն կատարած ըլլար, դուն այսօր այս պաշտօնը կը ստանձնէի՞ր», վարչապետ Միքաթիին հարց տուաւ երեսփոխան Ժսըր:

Երեսփոխան Խալետ Զահրաման յայտնեց, որ կառավարութիւնը խուսանաւումներ կատարած է իր աշխատանքային ծրագիրին մէջ` շեշտելով, որ ինք կը մերժէ իր վստահութեան քուէն շնորհել կառավարութեան:

Երեսփոխան Ղազի Եուսեֆ ցաւ յայտնեց, որ նորակազմ կառավարութիւնը որոշած է յեղաշրջում կատարել Միջազգային դատական ատեանին դէմ եւ նահատակներուն կողքին կանգնելու փոխարէն զօրակցիլ նահատակներու դահիճներուն եւ ամբաստանեալներուն:

Երեսփոխան Հիւսէյն Մուսաուի կոչ ուղղեց կառավարութեան պահպանելու Լիբանանի սահմանները պաշտպանելու կարողութիւնը` շեշտելով, որ այդ ձեւով է, որ կառավարութիւնը կրնայ ունենալ իր տնտեսական հզօր որոշումն ու ինքնուրոյնութիւնը:

Անդրադառնալով Միջազգային դատական ատեանին արձակած նախնական ամբաստանութեան, Մուսաուի միջազգային այդ որոշումը նկատեց զրպարտութիւն, սատանայական որոշում եւ Լիբանանը քանդելու ծրագիր մը, որ արդարութիւնը կը զետեղէ ազգային փառքերուն եւ արժանապատուութեան դէմ:

Մուսաուի վստահութեան քուէ շնորհեց կառավարութեան:

Կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհելու երեկոյեան նիստին ընթացքին վերջին խօսք արտասանող երեսփոխանը եղաւ Քասեմ Ապտել Ազիզ, որ յայտնեց, թէ ինք վստահութեան քուէ պիտի չշնորհէ կառավարութեան:

Ապտել Ազիզի խօսքէն ետք, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ երէկուան զոյգ նիստերուն ընթացքին խօսքեր արտասանած են 23 երեսփոխաններ, իսկ այսօրուան նիստերուն ընթացքին խօսքեր պիտի արտասանեն 24 երեսփոխաններ: Ապա ան փակեց նիստը` յայտարարելով, որ երրորդ նիստը պիտի սկսի այսօր առաւօտեան ժամը ճիշդ 10:30-ին:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement