ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԸ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ. «ՀԵՏԱԳԱՅ ՁԳՁԳՈՒՄԸ ԿԱՍԿԱԾԻ ՏԱԿ ՊԻՏԻ ԴՆԷ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՆԵԼՈՒ ԿՈՂՄԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ»
By adminx - Wed Jul 06, 6:36 am
- 0 Comments
- 9 views
- Tweet
Email
Print
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, որ հակառակ այն բանին, որ Քազանի մէջ վերջնական համաձայնութիւն ձեռք չէ ձգուած ղարաբաղեան տագնապի լուծման հիմնարար սկզբունքներու առնչութեամբ, բայց եւ այնպէս յառաջընթաց արձանագրուած է:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները պէտք չէ խանգարեն կողմերը հիմնարար սկզբունքներու որդեգրման եւ խաղաղ համաձայնագիրի մշակման առումով:
«Ինչպէս նախագահներ Մետվետեւ, Սարքոզի եւ Օպամա 26 մայիսին Տովիլի մէջ կատարուած միացեալ յայտարարութեան մէջ նշած են, հետագայ ձգձգումը կասկածի տակ պիտի դնէ համաձայնութեան հասնելու կողմերու նուիրուածութիւնը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ համանախագահները կը ծրագրեն խորհրդակցութիւններ կատարել Մոսկուայի մէջ եւ կը պատրաստուին յառաջիկային շրջան այցելելու:
- 0 Comments
- 9 views
- Tweet
Email
Print




