ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ ՀՅԴ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԸՆԿԵՐՎԱՐ ՄԻՋԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎԻՆ
By adminx - Tue Jul 05, 7:03 am
- 0 Comments
- 39 views
- Tweet
Email
Print
Աթէնքի «Ասթիր Փալաս» պանդոկին մէջ, ուրբաթ 1 եւ շաբաթ, 2 յուլիս 2011-ին տեղի ունեցաւ Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի նիստը, որուն ներկայ գտնուեցան կազմակերպութեան անդամ շուրջ 90 կուսակցութիւններէ 300-է աւելի ներկայացուցիչներ` ամբողջ աշխարհէն: Այլոց կարգին ներկայ էին Իրաքի նախագահ Ճալալ Թալապանի, Սերպիոյ նախագահ Պորիս Թատիչ, Ֆինլանտայի խորհրդարանի նախագահ Էրօ Հէյնալուոմա, Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Եանաքիս Օմիրու: Ներկայ էր նաեւ Եւրոպական ընկերվարական կուսակցութեան նախագահ Փոլ Նիրուփ Ռասմուսէն, Եւրոպական խորհրդարանի դեմոկրատներու եւ ընկերվարականներու խմբակի ղեկավար Մարթին Շուլց, Պելճիքայի ընկերվարական կուսակցութեան նախագահ Էլիօ Տի Ռուփօ եւ այլն: Ներկայ էին Իսրայէլի եւ Պաղեստինի կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ (Իսրայէլի Աշխատաւորական կուսակցութեան նախագահ Միքա Հարիշ եւ պաղեստինեան «Ֆաթհ»` շարժումէն Նեպիլ Շաաթ), Եգիպտոսի, Թունուզի, Եմէնի, Ալճերիոյ, Մարոքի եւ մեծ թիւով երկիրներու ներկայացուցիչներ բոլոր ցամաքամասերէն, ինչպէս եւ հրաւիրեալներ Չինաստանէն, Քանատայէն եւ ափրիկեան երկիրներէ:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը` իբրեւ Ընկերվար միջազգայնականի լիիրաւ անդամ, ներկայ էր 5-անդամ պատուիրակութեամբ, բաղկացած ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Ընկերվար միջազգայնականի ԱՊՀ, Կովկասի եւ Սեւծովեան շրջանի յանձնախումբի նախագահ Մարիօ Նալպանտեանէ, ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Նազարէթ Պէրպէրեանէ, ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Դաւիթ Պետրոսեանէ եւ անդամ Յակոբ Կարապետեանէ եւ Յունաստանի «Ազատ Օր» օրաթերթի խմբագիր Հռիփսիմէ Յարութիւնեանէ:
ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ նիստին բացումը կատարեց Յունաստանի իշխող ՓԱՍՕՔ կուսակցութեան Ազգային խորհուրդի քարտուղար Միխալիս Քարխիմաքիս, ապա ելոյթ ունեցաւ Ընկերվար միջազգայնականի նախագահ եւ Յունաստանի վարչապետ Եորղոս Փափանտրէու:
Ժողովի օրակարգերը երեք գլխաւոր նիւթեր ընդգրկեցին.
ա) Զօրակցութիւն` արաբական աշխարհի քաղաքացիներուն` Իրաւունքներու պաշտպանութիւն եւ ազատութիւն բոլորին համար:
բ) Խաղաղութեան հաստատում Միջին Արեւելքի մէջ: Նպատակ` պաղեստինեան պետութիւն. ապահով եւ ճանչցուած սահմաններ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի համար:
գ) Ճափոնի հիւլէական կայանի (Ֆուքուշիմա) արկածէն քաղուած դասերը եւ հիւլէական ուժանիւթի ապագան:
Առաջին երկու օրակարգերուն վերաբերեալ ներկայացուած ներածականները եւ քննարկումները փաստեցին, որ «Արաբական աշխարհի գարունը» նոր ժամանակաշրջան մը նշանակեց շարք մը երկիրներու համար, երբ քաղաքացիներու կողմէ իբրեւ հրամայական պահանջ դրուեցաւ ժողովրդավարութեան, ազատութեան եւ ընկերային հաւասարութեան տիրանալու իրաւունքը:
Ընկերվար միջազգայնականը վերահաստատեց մարդկային հիմնական իրաւունքներու եւ արժէքներու պահպանման իր հաստատ համոզումը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու անոնց պաշտպանութեան ու տարածման գործին մէջ:
Երրորդ գլուխի ներածականը ներկայացուց Ճափոնի Ընկերվար ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Միզուքօ Ֆուքուշիմա, որ իր երկրի համաձայնական կառավարութեան մաս կը կազմէ: Այս կուսակցութիւնը միակն էր, որ նախապէս դէմ կանգնած էր Ֆուքուշիմայի հիւլէական կայանի կառուցման ծրագիրին:
Երեք գլխաւոր օրակարգերէն զատ քննարկուեցան Ընկերվար միջազգայնականի հսկայ կառոյցի կազմակերպական հարցերը, ուր դիտել տրուեցաւ, թէ հետզհետէ ընդարձակուող կառոյցը այժմէականացման եւ վերակազմակերպման կարիքը ունի: Այսպէս, որոշուեցաւ, որ յառաջիկայ սեպտեմբերին գումարուելիք խորհուրդի նիստը քննէ մինչ այդ ներկայացուած առաջարկներ ու կարծիքներ` կազմակերպութեան նոր գործելաձեւը յստակացնելու առումով: Առնուեցան նաեւ կազմակերպական այլ որոշումներ:
Զրոյցներ տեղի ունեցան նաեւ տնտեսական ճգնաժամին ստեղծած իրավիճակին շուրջ, միջազգային գետնի վրայ, եւ յատկապէս Յունաստանի մասին: Յատուկ տեղ գրաւեց երկիրներու պաշտպանական մեքանիզմի հաստատման անհրաժեշտութիւնը:
Երկօրեայ նիստերու աւարտին ամփոփուեցան արտայայտուած կարծիքները եւ համապատասխան յայտարարութիւններ հրապարակուեցան:
- 0 Comments
- 39 views
- Tweet
Email
Print




