ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՓԼԷՅ-ՕՖ. ՌԻՎԸՐ ՓԼԷՅԹ ՓՈԽԱԴՐՈՒԵՑԱՒ Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ
By adminx - Tue Jun 28, 5:55 am
- 0 Comments
- 2 views
- Tweet
Email
Print
Ֆութպոլի իր 110 տարուան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, նախորդ շաբաթավերջին Արժանթինի ֆութպոլի պատմութեան մէջ իր անունը արձանագրած եւ աշխարհի մեծագոյն ակումբներէն մէկը նկատուող Ռիվըր Փլէյթ պաշտօնապէս փոխադրուեցաւ Բ. դասակարգ, երբ փլէյ-օֆի դարձի մրցումին 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Պելկրանոյի հետ: Նշենք, որ երթին Ռիվըր Փլէյթ 2-0 արդիւնքով պարտուած էր:
Այսպիսով, 33 անգամ Արժանթինի ախոյեան հանդիսացած Ռիվըր Փլէյթ յառաջիկայ տարեշրջանին մաս պիտի կազմէ Բ. դասակարգին:
Նշենք, որ Ռիվըր Փլէյթի ջղայնացած եւ զայրացած համակիրներուն մէկ մասը դէպի դաշտ քարեր եւ այլ իրեր նետեց, իսկ միւսը յուզուած էր կազմին Բ. դասակարգ փոխադրուելուն համար:
- 0 Comments
- 2 views
- Tweet
Email
Print




