ԵԱՀԿ-Ի ԳՈՐԾՈՂ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՋԱՆՔԵՐԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼՈՒ
By adminx - Mon Jun 27, 6:38 am
- 0 Comments
- 5 views
- Tweet
Email
Print
ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աուտրոնիուս Աժուպալիս` անդրադառնալով Քազանի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հերթական հանդիպումին, կոչ ուղղած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ջանքերը շարունակելու:
«Ես կ՛ողջունեմ կողմերու ջանքերը փոխադարձ համաձայնութեան հասնելու շարք մը հարցերու մէջ, որոնց լուծումը պայմաններ պիտի ստեղծէ հիմնարար սկզբունքներուն հաւանութիւն տալու համար», ըսած է ան:
ԵԱՀԿ-ի պաշտօնական կայքէջին վրայ զետեղուած հաղորդագրութեան համաձայն, Աժուպալիս կարեւոր նկատած է զինադադարի դրութեան ամրապնդումը եւ կոչ ուղղած է ամրապնդելու փոխադարձ վստահութիւնը` քաղաքացիական հասարակութեան ներգրաւմամբ, ինչ որ քննարկուած է մարտին Հայաստան եւ Ազրպէյճան կատարած իր այցելութեան ընթացքին:
- 0 Comments
- 5 views
- Tweet
Email
Print




