ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐԸ` ՔԱԶԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ՄԱՍԻՆ
By adminx - Mon Jun 27, 6:36 am
- 0 Comments
- 17 views
- Tweet
Email
Print
Ամերիկեան ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը կը գրէ, որ միջազգային միջնորդները մեծ յոյսեր կը կապէին 24 յունիսին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումին` կոչ ուղղելով ընդունելու հիմնական սկզբունքները, որոնք Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ բանակցութիւնները դուրս պիտի բերէին փակուղիէն:
«Ռուսիան, Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգները փոխադարձաբար համաձայնեցուած ճնշում կը գործադրէին կողմերուն վրայ, որպէսզի վերջիններս Քազանի մէջ ընդունին հիմնարար սկզբունքները: Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ շատ ժամանակ եւ քաղաքական դրամագլուխ ներդրած էր այդ նախագիծին մէջ, սակայն Ռուսիոյ մօտեցող ընտրութիւններու շրջանը աւելի դժուար պիտի դարձնէ համաձայնութիւնը», կը գրէ օրաթերթը:
Վերլուծաբան Թոմաս տէ Վաալ օրաթերթին յայտնած է, որ «կ՛ենթադրուէր, որ եկած է պահը: Տարուէ տարի կողմերուն դիրքորոշումները կը կարծրանան, հետեւաբար` պատերազմիլը աւելի դիւրին կը դառնայ»:
Բանակցութիւններուն մասնակից դիւանագէտ մը «Նիւ Եորք Թայմզ»ին յայտնած է, որ Քազանի հանդիպումը ապարդիւն եղած է, եւ համաձայնութեան շուրջ աշխատանքը պիտի շարունակուի: Ըստ անոր, երկու կողմէն ալ յառաջընթացը աւելի փոքր եղած է, քան ինչ որ կ՛ակնկալէին միջնորդները:
Օրաթերթը կը գրէ, որ ներքաղաքական խնդիրները լուրջ խոչընդոտ են լուծման համար, եւ կը նշէ, որ երկու երկիրներու ղեկավարները վրդովմունքի մեծ ալիք պիտի բարձրացնեն իրենց երկիրներուն մէջ, եթէ զիջումներ կատարեն: Քազանէն առաջ միջնորդները կ՛ըսէին, որ լուրջ տարակարծութիւնները աւելի քիչ են, սակայն յստակ չէր` արդեօք երկու ղեկավարները քաղաքական կամք պիտի ունենա՞ն համաձայնագիրը իրենց քաղաքացիներուն ներկայացնելու:
Ամերիկեան այլ ազդեցիկ օրաթերթ մը` «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» կը գրէ, որ Քազանի վեհաժողովը կողմերուն համար շարք մը սկզբունքներու շուրջ համաձայնութեան հասնելու վերջին տասնամեակի լաւագոյն առիթն էր:
Ռուսական «Էխօ Մոսքվի» ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, որ Քազանի հանդիպումը ապարդիւն աւարտած է, հակառակ անոր որ մինչ այդ կ՛ակնկալուէր, որ տագնապի լուծման «ճամբու քարտէս» կ՛որդեգրուի: Սակայն կողմերը սահմանափակուած են «փոխըմբռնման» մասին ընդհանրական յայտարարութիւններով:
«Էխօ Մոսքվի» կը նշէ, որ վեհաժողովէն առաջ կը թուէր, որ Ռուսիոյ նախագահը շատ մօտ եղած է իր արտաքին քաղաքական ամէնէն լուրջ յաջողութեան, եւ ամէն ինչ պատրաստ է համաձայնագիրի ստորագրութեան համար:
- 0 Comments
- 17 views
- Tweet
Email
Print




