Wednesday Jun 19, 2013

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՒ ՕՊԱՄԱՅԻ ՀԵՏ

By adminx - Fri Jun 24, 6:39 am

Երէկ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ` վերջինիս նախաձեռնութեամբ:

Օպամա կարեւոր նկատեց Քազանի մէջ տեղի ունենալիք Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու եռակողմանի հանդիպումը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեանի առաջնորդութեան համար եւ Տովիլի յայտարարութեան շրջագիծին մէջ կարեւոր նկատեց Քազանի մէջ յառաջընթացի արձանագրումը:

Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդները միշտ ձգտած են տագնապի խաղաղ եւ արդար լուծման, եւ եթէ Քազանի մէջ ազրպէյճանական կողմը ցուցաբերէ կառուցողական մօտեցում, ապա կարելի է ակնկալել դրական արդիւնքներ:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement