Wednesday Jun 19, 2013

ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԻ ՄՇԱԿՄԱՆ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆԱՑՈՒՄԸ

By adminx - Thu Jun 23, 6:49 am

Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու դեսպաններուն հետ հանդիպման ընթացքին

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ յետմիջօրէին վարչապետարանին մէջ  նախագահեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մշակման նախարարական յանձնախումբի երրորդ նիստին:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ յանձնախումբը չքննարկեց Միջազգային դատական ատեանի հարցը: Քննարկումը կեդրոնացաւ ելեւմտական եւ բարգաւաճման հարցերու շուրջ. այս հարցերուն քննարկումը պիտի շարունակուի այսօր յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին` նախարարական յանձնախումբի չորրորդ նիստին: Նիստի աւարտին կարգ մը նախարարներ հաւանական նկատեցին, որ այսօր կառավարութեան աշատանքային ծրագիրը վերջնականապէս մշակուի:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐ

Վարչապետ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու դեսպանները, որոնց հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի շեշտեց Լիբանանի եւ Ե. Միութեան միջեւ գործակցութեան աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը:

Վարչապետը նշեց, որ այս իմաստով յստակ բանաձեւ մը պիտի ընդգրկէ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը:

Միքաթի շեշտեց նաեւ, որ Լիբանան իր յարաբերութիւնները հեզասահ պիտի պահէ Եւրոպական Միութեան եւ միջազգային ընտանիքին հետ, ինչպէս նաեւ յանձնառու պիտի մնայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին որոշած միջազգային բանաձեւերուն գործադրութեան նկատմամբ:

Վարչապետը նկատել տուաւ, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը կ՛օժանդակէ երկրին տնտեսական բարգաւաճման, ինչպէս նաեւ կը քաջալերէ Լիբանանի մէջ կատարուած ներդրումները:

Իրենց կարգին դեսպանները շեշտեցին, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը պէտք է ընդգրկէ այնպիսի բանաձեւ մը, որ կը շեշտէ, թէ Լիբանան նախանձախնդիր կը մնայ միջազգային բանաձեւերուն գործադրութեան եւ յանձնառու է, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը իր գործունէութիւնը շարունակէ առանց խոչընդոտներու:

Անոնք հաստատեցին, որ Լիբանան պէտք է գործադրէ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 եւ թիւ 1757 բանաձեւերը:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումին ընթացքին միքաթի ընդգծեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան` աւելցնելով, որ Ռըմայլէի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի իտալական ջոկատը թիրախ դարձուցած պայթումը ձախող դուրս եկաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն նկատմամբ լիբանանցիներուն ցուցաբերած զօրակցութեամբ:

Միքաթի կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ին ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի վրայ, որպէսզի ան կասեցնէ Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ իր գործած ամէնօրեայ ոտնձգութիւնները` ընդգծելով, որ թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան առումով պէտք է երկրորդ հանգրուան անցնիլ եւ մնայուն զինադադար հաստատել:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեցին նաեւ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել եւ երկրագործութեան նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement