ՀԱՅԱՇԷՆԻ ԱԿՈՒՄԲԻՆ ՄԷՋ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԶԵԿՈՒՑԵՑԻՆ ՍԵՐԺ ՉՈՒԽԱՏԱՐԵԱՆ ԵՒ ՅԱԿՈԲ ԹԵՐԶԵԱՆ
By adminx - Thu Jun 23, 6:16 am
- 0 Comments
- 18 views
- Tweet
Email
Print
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, երէկ` չորեքշաբթի, 22 յունիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայաշէնի ժողովրդային տան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զեկուցում-զրոյց, որուն նիւթն էր Պէյրութի քաղաքապետութեան կառոյցը, գործունէութիւնը եւ քաղաքապետութեան ունեցած պարտաւորութիւնները շրջանի բնակչութեան նկատմամբ: Օրուան զեկուցաբերներն էին քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Յակոբ Թերզեան եւ Սերժ Չուխատարեան: Հաւաքին ներկայ էին Հայաշէնի հայ թէ արաբ բնակիչները:
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին անունով արտասանեց Արմէն Թերզեան, որ հակիրճ կերպով ներկայացուց զեկուցաբերներուն կենսագրականները:
Սերժ Չուխատարեան ըսաւ, որ նմանօրինակ հանդիպումներ կարեւոր են, որպէսզի ժողովուրդ-քաղաքապետութիւն ամուր կապեր ստեղծուին եւ ներկայացուին հանրութիւնը յուզող խնդիրներն ու մտահոգութիւնները: Քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն պարտականութիւններն ու պարտաւորութիւնները ներկայացնելէ ետք` Չուխատարեան նշեց, որ մնայուն աշխատանքներ կան, որոնք միշտ պէտք է հետապնդուին եւ կատարուին, ինչպէս` լուսաւորման հարցերը, կուպրապատումը, ջրամատակարարումը եւ այլն:
Ան աւելցուց, որ այս բոլորին կողքին, քաղաքապետարանը պէտք է ձեռնարկէ նոր ծրագիրներու, որպէսզի յաւելեալ ծառայութիւններ մատուցէ ժողովուրդին: Սերժ Չուխատարեան նաեւ խօսեցաւ Պէյրութի մէջ ստեղծուած եւ ստեղծուելիք հանրային գրադարաններու եւ այլ ծրագիրներու մասին: Ան հաստատեց, որ Պէյրութի բոլոր շրջաններուն խնդիրները պէտք է համահաւասար կերպով քննութեան առարկայ դառնան քաղաքապետութեան կողմէ:
Ապա խօսք առաւ Յակոբ Թերզեան, որ յայտնեց, թէ երբ քաղաքապետարանի անդամները ժողովուրդին կ՛օգնեն, անոնք իրենց վստահուած պարտականութիւնը կը կատարեն եւ յաւելեալ բան չեն ըներ: Ան ըսաւ, որ քաղաքապետարանի անդամները պէտք է մնայուն կերպով ժողովուրդին հետ կապի մէջ մտնեն:
Հայաշէնի մասին խօսելով` Թերզեան նշեց, որ այս շրջանը ունի բազմաթիւ հարցեր, որոնք պէտք է քննարկուին: Ան աւելցուց, որ Պէյրութը պէտք է ունենայ հանրային պարտէզներ եւ մարզադաշտեր, որոնց կարելիութիւններուն մասին քննութիւններ կը կատարուին քաղաքապետութեան մէջ:
Զոյգ զեկուցումներէն ետք, Սերժ Չուխատարեան եւ Յակոբ Թերզեան պատասխանեցին ներկաներուն հարցումներուն եւ ներկայացուցին համապատասխան լուսաբանութիւններ:
- 0 Comments
- 18 views
- Tweet
Email
Print




