Sunday May 19, 2013

Ի՞ՆՉ Կ՛ԸՍԵՆ ԱՍՏՂԵՐԸ

By adminx - Tue Jun 21, 2:13 am

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Պէտք է շարժիք ու գործէք արագ, եթէ կ՛ուզէք յարմարիլ եւ որդեգրել  օրուան պահանջները: Ձեր պարտականութիւնները կատարեցէք լաւ կերպով:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Պիտի ստանաք զօրաւոր օժանդակութիւն ձեր բարեկամներուն կողմէ: Օրուան ընթացքին պիտի ունենաք հետաքրքրական եւ յաջող գործունէութիւն:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ունիք լաւ գաղափարներ, բայց զանոնք պէտք է արտայայտէք ձեր շուրջիններուն, որպէսզի իրականութիւն դառնան: Համարձակ եղէք, կը յաջողիք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Որքան որ բացուիք դէպի դուրսի աշխարհը, դուրս ելլէք ձեր անկիւնէն, այնքան լաւ ընդունելութիւն պիտի ունենաք: Օրը կը պահանջէ լաւատեսութիւն:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ապագային հանդէպ պիտի ունենաք վստահութիւն, ինչ որ պիտի նպաստէ ձեր տրամադրութեան բարձրացման: Օրուան ընթացքին պիտի ըլլաք գոհ եւ ուրախ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Գործի մէջ շատ կարծր կեցուածք պիտի ունենաք: Ասիկա կ՛օգնէ ձեր աշխատանքին արդիւնաբերման, բայց մի մոռնաք նաեւ ըլլալ մարդասէր:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կազմակերպեցէք, դասաւորեցէք եւ կարգապահութիւն դրէք ձեր գործին մէջ: Դուք ընդհանրապէս կեդրոնացեալ տրամադրութեամբ կ՛աշխատիք, շարունակեցէք նոյն ձեւով:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Որոշեցէք հետեւիլ մարզական գործունէութեան մը ձեր առողջութեան համար: Կան անխուսափելի պարտաւորութիւններ, այս ալ անոնցմէ մէկն է, զոր պէտք է կատարէք անպայման:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ընտանիքը սքանչելի ապաստան մը պիտի ըլլայ ձեզի համար, հանգստանալու եւ խորհրդածելու խաղաղ եւ հանգիստ շրջանակի մը մէջ: Օրը հաճելի է:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր կենսագրութիւնը եւ ձեր անհատականութիւնը պիտի գնահատուի ձեր շրջանակներուն մէջ: Ամէն տեղ պիտի խօսուի ձեր մասին: Մնացէք ուրախ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Պիտի ունենաք արդիւնաւէտ օր մը, որ ձեզ պիտի առաջնորդէ դէպի նոր յաջողութիւններ: Այս իրականութիւնը նոր գործերու պիտի հրաւիրէ ձեզ, ընդունեցէք եղած առաջարկները:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Գովեստ պիտի լսէք ձեր մասին. ասիկա պիտի ուրախացնէ ձեր սիրտը եւ քիչ մըն ալ պիտի կարմրցնէ ձեր այտերը, խոնարհաբար: Բացառիկ է օրը:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement