Sunday May 19, 2013

ՖԱՍԻԷ. «ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԿՐԿՆԱՊԱՏԿԱԾ Է ԻՐ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՊԻՒՏՃԷՆ ԵՒ ՆԵՐԿԱՅԻՍ ԿԸ ԳԵՐԱԶԱՆՑԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱԽԱՌՆ ՆԵՐՔԻՆ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ»

By adminx - Mon Jun 20, 6:48 am

Իբրեւ շարունակութիւն դրացի երկիրներու մէջ յաւելեալ ներգրաւուածութեան, եւ ուշադրութիւն դարձնելով սառած տագնապներուն, յատկապէս արեւելեան իր շրջանին մէջ, Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին գործերու յանձնախումբը (AFET) չորեքշաբթի, 15 յունիսին հրաւիրած էր ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ դեսպաններ Ռոպերթ Պրատքէն (ԱՄՆ) եւ Պեռնար Ֆասիէն (Ֆրանսա), զեկուցելու եւ զրուցելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի վերջին զարգացումներու բանակցային ներկայ հոլովոյթին շուրջ:

Ռուսիոյ ներկայացուցիչ, դեսպան Իկոր Փոփով չմասնակցեցաւ զեկուցումին, նախապատրաստական աշխատանքներու մէջ ըլլալով նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ Քազանի յառաջիկայ հանդիպման: Բանակցութիւնները նոր թափ ստացած են, եւ հաւանական է, որ Քազանի (Ռուսիա) մէջ, 25 յունիս, 2011-ին նուաճում մը իրագործուի, ընդգծեցին Պրատքէ եւ Ֆասիէ:

Իւրաքանչիւր համանախագահ բացատրեց, թէ հոս հասած են հինգ տարի տեւած աշխատանքներու, ինչպէս նաեւ բանակցային հոլովոյթին իրենց համապատասխան երկիրներու ներգրաւուածութեան` շնորհիւ: Երկուքն ալ ընդգծեցին, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափը լաւագոյնն է համաձայնութեան գալու, քանի որ ան կ’աշխատի արդիւնաւէտ, ճկուն` առնելով արագ եւ կարծր որոշումներ` պահպանելով գաղտնապահութիւնը:

Դեսպան Պրատքէ ընդգծեց, որ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրը շատ կարեւոր է Միացեալ Նահանգներուն եւ անշուշտ Կովկասի մէջ երկարատեւ խաղաղութեան համար: Անոնք հրաւիրեցին Եւրոպական Միութիւնը ստանձնելու որոշիչ դեր` խաղաղութիւնը ամրապնդելու համար` պատրաստելով երկու երկիրներու հասարակութիւնները, նպաստելով ժողովրդավարութեան զարգացման հոլովոյթին, օգտագործելով իր բոլոր քաղաքական լծակները: Համանախագահները կը հաւատան, որ Եւրոպական Միութիւնը մեծ դերակատարութիւն ունի ականազերծման, վերակառուցման եւ խաղաղութեան պահպանման աշխատանքներուն մէջ:

Պատասխանելով քանի մը երեսփոխաններու խիստ քննադատութեանց, թէ  Ռուսիա շահագրգռուած է ներկայ իրավիճակին պահպանումով, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ սպառազինութեան արշաւին մասնակցելով, դեսպան Ֆասիէ հաստատեց Ռուսիոյ որոշիչ դերը` ընդգծելով, որ ան միակ զէնք մատակարարող երկիրը չէ եւ նշելով, որ Ազրպէյճան կը գնէ նոր, առանց օդաչուի օդանաւեր, որ տարուէ տարի Ազրպէյճանի զինուորական պիւտճէն 20-էն 30 առ հարիւր կ’աճի, իսկ անցեալ տարուան հետ համեմատելով` աճած է 100 առ հարիւրով, գերազանցելով Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ համախառն ներքին արտադրութիւնը:

Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը կը վերահաստատէ իր կոչը, թէ ԵԱՀԿ պէտք է պահանջէ ուժ չկիրարկելու յստակ երաշխիքներ Ազրպէյճանէն` յառաջիկայ բանակցութեանց քննարկումներուն նախօրեակին: Աւելին` յանձնախումբը, կը շեշտէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը պէտք է բանակցութեանց մաս կազմէ` իբրեւ լիարժէք կողմ: Ազրպէյճանի սպառնալիքները նախ եւ առաւ ուղղուած են Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ, եւ վերջինս պէտք է ունենայ իր անկախ խօսքը` իր պետութեան ձեւաւորման որոշման մէջ:

 

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement