Wednesday May 22, 2013

ԻՐԱՔԻ ՄԷՋ ՊԱԱՔՈՒՊԱՅԻ ՆԱՀԱՆԳԱՊԵՏԱՐԱՆԻՆ ԴԷՄ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ

By adminx - Wed Jun 15, 6:48 am

Աւերը` նահանգապետարանի համալիրի շրջափակին մէջ

Երէկ առաւօտեան Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատէն 100 քիլոմեթր հիւսիս գտնուող Պաաքուպա նահանգի նահանգապետարանին դէմ անձնասպանական երկու յարձակումներ եւ ականուած ինքնաշարժով պայթում մը 7 զոհ եւ 17 վիրաւոր պատճառեցին:

Ապահովական աղբիւր մը ԱՖՓ-ին յայտնեց, որ տասնեակ մը զինեալներ ներխուժած են նահանգապետարանի համալիր: Զինեալները յաջողած են ցանկապատէն ներս ներթափանցել: Գործողութիւնը սկսած է համալիրի մուտքին ականուած երկու ինքնաշարժներու պայթումով: Պայթումին պատճառով ցանկապատին մէկ մասը փուլ եկած է, ինչ որ զինեալներուն արտօնած է համալիր ներխուժել: Երկու զինեալներ նահանգապետարանի շէնք մուտք գործելով իրենք զիրենք պայթեցուցած են:

Յարձակումը տեղի ունեցաւ, մինչ նահանգապետարանի խորհուրդը կը գումարէր իր հերթական ժողովը, որ տեղի կ՛ունենայ երեքշաբթի օրերը` շաբաթական դրութեամբ:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement