«ԵՐՋՕ ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆ-ԵՌԱԳՈՅՆ ՖՈՆՏ»Ը 100.000 ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՆՈՒԻՐԷ «ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ
By adminx - Wed Jun 15, 8:39 am
- 0 Comments
- 9 views
- Tweet
Email
Print
«Երջօ Սամուէլեան-եռագոյն ֆոնտ»ը ծանօթ է գաղութին` ազգային, մշակութային եւ մամլոյ ոլորտներուն զարգացման նպատակով իր կատարած նիւթաբարոյական նկատառելի աջակցութիւններուն ճամբով:
Ուրախութիւնը ունինք յայտարարելու, որ սատարելով հայ մամուլի առաքելութեան իրականացման եւ գնահատելով «Ազդակ»ի աշխատանքները` «Երջօ Սամուէլեան-եռագոյն ֆոնտ»ը 100.000 ամերիկեան տոլար կը նուիրէ «Ազդակի ֆոնտ»ին: Գումարը պիտի յատկացուի «Ազդակ»ի տպագրական գործիքները հիմնովին վերանորոգելու ծրագիրին, ինչ որ սփիւռքահայ յառաջատար թերթին պիտի ընձեռէ գունաւոր էջերով լոյս տեսնելու հնարաւորութիւն:
Յիշեցնենք, որ «Երջօ Սամուէլեան-եռագոյն ֆոնտ»ը կը հովանաւորէ «Ազդակ»ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-մզտիկ»ի հրատարակչական եւ կազմակերպական յարակից աշխատանքները` զօրակցելով կանուխ տարիքէն հայ մանուկը հայ թերթին կապելու մամուլի առաքելութեան:
Օրինակելի եւ ողջունելի այս նուիրատուութեան համար «Ազդակ»ի տնօրէնութիւնը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ «Երջօ Սամուէլեան-եռագոյն ֆոնտ»ի պատասխանատուներուն եւ յատկապէս անոր հիմնադիր Երջօ Սամուէլեանին:
- 0 Comments
- 9 views
- Tweet
Email
Print



