Thursday May 23, 2013

ԿԻՊՐԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ՎԱՐԴԳԷՍ ՄԱՀՏԵՍԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ «ՇԱՂԶՈՅԵԱՆ» ԿԵԴՐՈՆ

By adminx - Wed Jun 15, 6:39 am

Մահտեսեան եւ Մխիթարեան

Կիպրոսի խորհրդարանի անդամ եւ կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն եւ տեսակցեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանի հետ:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը յաջողութիւն մաղթեց Վարդգէս Մահտեսեանին` կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչի պաշտօնին իր վերընտրութեան առիթով:

Խորհրդակցութիւններուն առանցքը կազմեցին կիպրահայ համայնքին հետ կապուած զանազան հարցերն ու Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան հեռանկարները:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement