ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵԹՈՎՊԻՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ
By adminx - Wed Jun 15, 6:34 am
- 0 Comments
- 11 views
- Tweet
Email
Print
Երեքշաբթի, 14 յունիս 2011-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Եթովպիոյ պատրիարք Փաուլոս Բ.ի ներկայացուցիչը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Եթովպիոյ դեսպանատան գործավարին: Հիւրերը վեհափառին փոխանցեցին պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները եւ խնդրեցին վեհափառէն օգտակար հանդիսանալ` Լիբանանի եթովպիական համայնքին առնչուած կարգ մը հարցերուն գծով:
Յայտնենք, որ շուրջ 50 հազար հաշուող եթովպիական համայնք մը կը գտնուի Լիբանանի մէջ. համայնքին զաւակները լիբանանեան հպատակութիւն եւ հետեւաբար օրինական ճանաչում չունենալով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր հովանաւորութիւնը շնորհած է համայնքին` նկատի ունենալով երկու եկեղեցիներուն դաւանակից ըլլալու իրողութիւնը: Վեհափառը յայտնեց, որ պիտի շարունակէ կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգտակար ըլլալ համայնքին դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու օրինական հարցերուն:
- 0 Comments
- 11 views
- Tweet
Email
Print




