ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ
By adminx - Fri Jun 10, 7:03 am
- 0 Comments
- 5 views
- Tweet
Email
Print
«ԱԽՊԱՐ»
- Անդրադարձ` Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած խռովութիւններուն պատճառով Թուրքիա ուղղուած գաղթականներու հոսքին, ինչպէս նաեւ այն հաստատումներուն, որ Թուրքիա իր դռները բաց պիտի պահէ սուրիացի գաղթականներուն դիմաց:
(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Մուսթաքպալ», «Շարք» եւ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթերը)
- Վերլուծական յօդուած` Թուրքիոյ սահմանադրութիւնը բարեփոխումի ենթարկելու առումով գոյացած թրքական համախոհութեան մասին:
«ՔԻՖԱՀ ԱՐԱՊԻ»
- Ակնարկ, որ կը կրէ «Էրտողան Գ.» խորագիրը: Ակնարկը կ՛անդրադառնայ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի արձանագրելիք յաղթանակին եւ անոր ջանքերով իրականացուելիք Նոր Թուրքիոյ երազին, որ Նոր Միջին Արեւելքին մէջ պիտի վերահաստատէ Պոլսոյ փառքը:
«ՆԱՀԱՐ»
- Գովաբանական յօդուած` սուրիահայ երգչուհի Լենա Շեմեմեանի ելոյթին մասին:
- Անդրադարձ` Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Իսրայէլի միջեւ տագնապին եւ Էրտողանի համար այդ տագնապին ունեցած օգտակարութեան: Օգտակարութիւն` կիրակի օրուան ընտրութիւններուն մեծ թիւով թեր քուէներ ապահովելու իմաստով:
(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Տիար», «Մուսթաքպալ» եւ «Պայրաք» օրաթերթերը)
- Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցած սուրիական ընդդիմութեան խորհրդաժողովին մասին յօդուած:
«ՏԻԱՐ»
- Անդրադարձ` Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին ուղղուած կոչին` վերջ տալու բռնարարքներուն եւ իրականացնելու բարեկարգումները:
- 0 Comments
- 5 views
- Tweet
Email
Print



