«ՄԵՐ ԹԱՂԸ» ԹԱՏԵՐԱԽԱՂԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ
By adminx - Fri Jun 10, 6:28 am
- 0 Comments
- 34 views
- Tweet
Email
Print
Բեմադրութեամբ եւ հեղինակութեամբ Վաչէ Ատրունիի, Թէքէեան մշակութային միութեան «Երուանդ Օտեան» թատերախումբը երէկ` հինգշաբթի, 9 յունիսի երեկոյեան «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ներկայացուց «Մեր թաղը» թատերգութիւնը:
Դէպքերը տեղի կ՛ունենային Նոր Սիս եւ Նոր Մարաշ թաղերուն միջեւ տեղ մը, որ հեղինակին կողմէ կոչուած է «Երանութեան փողոց»: Ներկայացուած պատկերները քաղուած էին Վ. Ատրունիի մանկութենէն եւ անոնց ընդմէջէն հանդիսատեսը կրնար դիտել տարբեր տեսակի յարաբերութիւններ, ընտանեկան կապեր, մարդոց առօրեան եւ այլն:
- 0 Comments
- 34 views
- Tweet
Email
Print




