Thursday May 23, 2013

ԼՈՒԻՍ ԷՆՐԻՔԷ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ Ա. ԷՍ. ՌՈՄԱՅԻ ՄԱՐԶԻՉ

By adminx - Fri Jun 10, 6:18 am

Լուիս Էնրիքէ

Պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ, Քալչիոյի կազմերէն Ա. Էս. Ռոմայի պատասխանատուները յայտարարեցին, որ սպանացի միջազգային նախկին ֆութպոլիստ Լուիս Էնրիքէ նշանակուեցաւ խումբի մարզիչ: Ան մինչեւ 2012-2013 տարեշրջանին աւարտը պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր կազմին հետ:

Նախապէս Պարսելոնայի մաս կազմած Էնրիքէ իրեն հետ Հռոմ պիտի բերէ չորս օգնականներ: Անոր պիտի օգնէ նաեւ Պարսելոնայէն այլ անձ մը:

Նշենք, որ նախքան Ա. Էս. Ռոմայի մարզիչ նշանակուիլը, Էնրիքէ Պարսելոնայի պահեստի կազմը կը մարզէր:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement