«ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԷՋ ԽԱՂԱՂԱՐԱՐ ՈՒԺԵՐ ՏԵՂԱԿԱՅԵԼՈՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ ԿԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ
By adminx - Thu Jun 09, 6:49 am
- 0 Comments
- 35 views
- Tweet
Email
Print
«News.am» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայուելիք խաղաղարար ուժերուն շուրջ համաձայնութիւն գոյութիւն ունի: Ըստ անոր, խաղաղարար ուժերը պիտի ձեւաւորուին համանախագահող կամ դրացի չեղող երկիրներու ուժերէն:
Մամետեարով աւելցուցած է, որ բոլոր հարցերը «լրացուցիչ քննարկում կը պահանջեն»: Ըստ անոր, խաղաղարար ուժերու տեղակայումը ընդգրկուած է տագնապի լուծման հիմնարար սկզբունքներուն մէջ:
«Ղարաբաղեան տագնապի լուծումը պէտք է իրականացուի փուլային կերպով, եւ այդ փուլերը փոխկապակցուած են իրարու հետ: Քանատայի մէջ կայացած «Մեծ ութնեակի» հանդիպումին որոշակի դարձած են հիմնական սկզբունքները. նախ եւ առաջ բռնագրաւուած տարածքներէն դուրս պիտի բերուին հայկական զօրքերը, պէտք է բացուին բոլոր հաղորդակցութիւններն ու ճամբաները, վերակառուցուին նախապէս բռնագրաւուած տարածքները, հարկադիր գաղթականները պէտք է վերադառնան հարազատ տարածքներ եւ խաղաղարար ուժեր տեղակայուին», ըսած է Մամետեարով:
- 0 Comments
- 35 views
- Tweet
Email
Print




