Thursday Jun 20, 2013

ՄԱՐԶԻՉ ՌՈՍՍԻ ԴԱՐՁԵԱԼ ԼՔԵՑ ՓԱԼԵՐՄՈՆ

By adminx - Fri Jun 03, 6:07 am

Քալչիոյի կազմերէն Փալերմօ դարձեալ պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Տելիօ Ռոսսին, երբ խումբը նախորդ շաբաթավերջին Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին 3 – 1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ինթեր Միլանէն:

50 տարեկան Ռոսսի նախորդ փետրուարին պաշտօնանկ ըլլալէ հինգ շաբաթ ետք դարձեալ նշանակուած էր մարզիչ եւ այս տարեշրջանը իր կազմին հետ աւարտած 8-րդ դիրքին վրայ:

Փալերմոյի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին նախագահը` Մաուրիցիօ Զամփարանի եւ Ռոսսի, ժողով գումարելով որոշեցին իրարու հետ իրենց կապը խզել:

Այժմ, Լացիօ Ռոմայի նախկին մարզիչը` Ռոսսի, շատ հաւանաբար նշանակուի Ճենովայի մարզիչ, իսկ Քիեւոյի մարզիչը` Շթեֆանօ Փիոլի,  թերեւս ըլլայ Ռոսսին փոխարինողը:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement