ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԴՐԱՄԱՏԱՆ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՏՆՕՐԷՆԸ
By adminx - Thu Jun 02, 6:48 am
- 0 Comments
- 4 views
- Tweet
Email
Print
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Համաշխարհային դրամատան շրջանային տնօրէն Ասատ Ալամը:
Ըստ նախագահի մամլոյ գրասենեակին, հանդիպման ընթացքին Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Համաշխարհային դրամատան` ինչպէս համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամի հետեւանքներու յաղթահարման գործին մէջ ցուցաբերած աջակցութեան, այնպէս ալ Հայաստանի տնտեսութեան տարբեր մարզերուն մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն դրամատան շարունակական եւ արդիւնաւէտ օժանդակութեան համար:
Զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստանի մէջ իրականացուող Համաշխարհային դրամատան ծրագիրներուն ընթացքին, ինչպէս նաեւ համագործակցութեան յառաջիկայ ծրագիրներուն:
- 0 Comments
- 4 views
- Tweet
Email
Print




