«Կոնդակներ, Պատգամներ Եւ Քարոզներ» (Հեղինակ` Խորէն Ա. Կաթողիկոս)
ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Հրամանաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետ Արամ Ա. կաթողիկոսին խմբագրութեամբ Նորայր եպս. Աշըգեանի եւ մեկենասութեամբ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան, 2013-ին Անթիլիասի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայոց կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ Խորէն Ա. վախճանեալ կաթողիկոսի «Կոնդակներ, պատգամներ եւ քարոզներ» խորագրեալ հրատարակութիւնը:
Սոյն հատորը կը բաղկանայ 328 էջերէ եւ կը բովանդակէ յառաջաբան, երկու խօսք ու երկու հիմնական մասեր: Առաջին մասը կ՛ընդգրկէ կոնդակներ եւ պատգամներ, իսկ երկրորդ մասը` քարոզներ եւ յօդուածներ:
Մարտ 28, 2013 իր թուակիր «Յառաջաբան»-ին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս կ՛ըսէ, թէ սոյն հատորը լոյս կը տեսնէ Խորէն Ա. վեհափառին վախճանման 30-րդ տարելիցին առիթով:
Թէ` Խորէն Ա. վեհափառ հայրապետը եղած է շինարար կաթողիկոս, որ իր առաջնորդութեան տարիներուն շէնցուցած է Լիբանանի թեմը` նոր եկեղեցիներով ու դպրոցներով:
Կ՛ըսէ, թէ Խորէն Ա. վեհափառ հայրապետը թէեւ մտաւորական չէ ու գիրք չէ հրատարակած, սակայն եղած է հայ գիրքը քաջալերող հովուապետ մը:
Թէ` Խորէն Ա. թէեւ համալսարան չէ յաճախած, սակայն իր ջանքերով բազմաթիւ միաբաններ ստացած են համալսարանական ուսում:
Ինչ կը վերաբերի իր կեանքին ու եկեղեցական գործունէութեան, Խորէն Ա. կաթողիկոս Բարոյեան ծնած է 24 նոյեմբեր 1914-ին, Կիպրոսի Ատալիս գիւղը: Աւազանի անունով ան կը կոչուի Մեսրոպ, որ կ՛ապրի հովիւի մը նման պարզ ու թշուառ պայմաններու տակ: 1927-ին Բարոյեան ընտանիքը կը հաստատուի Նիկոսիա, ուր Մեսրոպ կը յաճախէ Մելիքեան վարժարանը: Աշակերտութեան շրջանին կը ցուցաբերէ սէր եւ խանդաղատանք` Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հանդէպ:
1931-ին, երբ երջանկայիշատակ Սահակ Բ. կաթողիկոս հովուապետական այցելութիւն կու տայ Կիպրոս, Մեսրոպին հայրը` Մկրտիչ, կը մօտենայ վեհափառ հօր` խնդրելով, որ իր պատանի որդին ընդունի դպրեվանք: Արդարեւ, Սահակ Բ. կաթողիոսի եւ Կիպրոսի առաջնորդ Պետրոս արք. Սարաճեանի կարգադրութեամբ Մեսրոպ կը ղրկուի Անթիլիաս` իբրեւ ուսման Մեծի Տանն Կիլիկիոյ նորաբաց դպրեվանքին:
1935-ին Մեսրոպ կ՛աւարտէ դպրեվանքի ժառանգաւորաց բաժինի ուսման ընթացքը: Նոյն տարին, 19 մայիսին կը ստանայ սարկաւագական աստիճան: Դպրեվանքի ուսումնական շրջանը աւարտելէ ետք Մեսրոպ սարկաւագ կը ձեռնադրուի կուսակրօն Քահանայ` կաթողիկոսական ընդհանուր փոխանորդ Պետրոս արք. Սարաճեանի ձեռամբ եւ կը վերկոչուի Խորէն աբեղայ:
1937-էն մինչեւ 1940 Խորէն աբեղայ կաթողիկոսարանէն ներս կը ստանձնէ զանազան պաշտօններ` դիւանապետութիւն, գաւազանակրութիւն, իսկ 1940-էն 1941 կը պաշտօնավարէ դպրեվանքին մէջ` իբրեւ փոխ տեսուչ:
8 հոկտեմբեր 1938-ին կը ստանայ վարդապետական գաւազանի իշխանութիւն: 14 յուլիս 1941-ին կը ստանայ վարդապետական լանջախաչ եւ մանիշակագոյն ծաղկեալ փիլոն կրելու իրաւունք:
2 փետրուար 1942-ին Խորէն վարդապետ Բերիոյ թեմի Խառն Ժողովին կողմէ կ՛ընտրուի Ճեզիրէի հայոց առաջնորդական փոխանորդ: Խորէն վարդապետ շուտով գործի կ՛անցնի եւ կը կազմակերպէ գաղութին թէ՛ հոգեւոր եւ թէ՛ ազգային կեանքը: Յարատեւ աշխատանքով զօրեղ հիմերու վրայ կը հաստատէ գաղութին վարչական եւ կրօնական կեանքը: Կ՛ապահովէ Ազգային առաջնորդարանի կալուածը, որուն վրայ կը կառուցէ առաջնորդարանը եւ ազգային վարժարանը: Տէր Զօրի մէջ կը կառուցէ մանկապարտէզի շէնքը, իսկ Հասիչէի մէջ` Ս. Յովհաննու եկեղեցին: Առ ի գնահատանք ազգանուէր իր ծառայութեան, 19 մայիս 1946-ին իրեն կը տրուի ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանը:
16 փետրուար 1947-ին կ՛արժանանայ եպիսկոպոսական օծման եւ վեհափառին հրաւէրով կը հաստատուի մայրավանք` ստանձնելու համար դրան եպիսկոպոսի, լուսարարապետի եւ մատակարարութեան պաշտօնները:
25 դեկտեմբեր 1951-ին Լիբանանի թեմի Ազգային գաւառական ժողովին կողմէ կ՛ընտրուի առաջնորդ: Նորընտիր առաջնորդը կը կատարէ արդիւնաւէտ իրագործումներ` վարչական, յարաբերական եւ շինարարական մարզերէն ներս, կերտելով նոր եկեղեցիներ եւ վարժարաններ: Լիբանանի իշխանութիւնները զինք կը պատուեն «Մայրիներու ազգային կարգի հրամանատար»-ի շքանշանով:
20 հոկտեմբեր 1955-ին Միաբանական ընդհանուր ժողովը զինք կ՛ընտրէ կաթողիկոսական տեղապահ: Տեղապահ սրբազանը 20 փետրուար 1956-ին կը գումարէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Ազգային պատգամաւորական ժողովը, որուն իբրեւ արդիւնք` Զարեհ Ա. կ՛ընտրուի կաթողիկոս: Նոյն տարին, հոկտեմբերին իրեն կը շնորհուի արքութեան տիտղոս:
Զարեհ վեհափառի վախճանումէն ետք Խորէն սրբազան դարձեալ կ՛ընտրուի կաթողիկոսական տեղապահ եւ 5 մայիս 1963-ին կը գումարէ Պատգամաւորական ժողով: Նոյն օրը տեղի կ՛ունենայ Խորէն Ա. կաթողիկոսին ընտրութիւնը, իսկ օծումը` 12 մայիսին:
1963 թուին նաեւ սկիզբ կ՛առնէ Հայց. եկեղեցւոյ զոյգ գահակալներուն միջեւ միասնականութեան եւ միութեան նոր շրջան մը, երբ Խորէն Ա. վեհափառ հայրապետը պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ կ՛ուղղուի Երուսաղէմ` ողջագուրուելու Վազգէն Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին հետ:
Խորէն Ա. իր գահակալութեան շրջանին զարկ կու տայ կաթողիկոսարանի վերելքին: Ան կաթողիկոսարանը կ՛օժտէ նոր Վեհարանով, կ՛ընդարձակէ մատենադարանը, տպարանը կ՛օժտէ արդիական սարքերով, կառուցել կու տայ եպիսկոպոսներու բնակարաններ, կ՛ընդարձակէ կաթողիկոսարանին կալուածը եւ կը կառուցէ Զարեհեան դամբարանը:
Կը հիմնէ կրթական ֆոնտեր ու կը կատարէ հրատարակչական աշխատանք:
Կը բարելաւէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յարաբերութիւնը Ս. Էջմիածնի կաթողիկոսութեան հետ:
Կը քաջալերէ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին գործունէութիւնը:
Կը բարձրացնէ կաթողիկոսութեան վարկը` հաստատելով զայն միջազգային մակարդակի վրայ:
Զգալով հետզհետէ վատթարացող իր առողջական վիճակը, 1977-ին Խորէն Ա. կը հրաւիրէ Ազգային պատգամաւորական ժողովը, ուր իբրեւ աթոռակից կ՛ընտրուի Գարեգին Բ. կաթողիկոսը: Խորէն Ա. մօտէն կը հետեւի կաթողիկոսական աշխատանքներուն, մինչեւ 9 փետրուար 1983, երբ կը վախճանի անակնկալօրէն:
Հատորին Ա. բաժինը կը բաղկանայ կոնդակներէ եւ պատգամներէ:
Այս յղացքով, Խորէն Ա. կաթողիկոս 30 հոկտեմբերի 1963 թուակիր իր հայրապետական կոնդակով ազգային բարերարուհիի պատուանդանին արժանի կը նկատէ հիւսիսամերիկացի Սոֆիա Լեւոն Յակոբեանը` Պուրճ Համուտի մէջ ազգային երկրորդական վարժարանի մը շինութեան առիթով իշխանական գումար մը նուիրելուն համար:
Իսկ հատորին երկրորդ բաժինը կ՛ընդգրկէ քարոզներ եւ յօդուածներ:
Այս բաժինով Խորէն Ա. վեհափառը կը յղէ իր թեմի ժողովուրդին այլազան բնոյթ կրող քարոզներ, ինչպէս իմաստուն տնտեսին առակը, խաչին երեւումը, սրբալոյս միւռոնի օրհնութիւնը եւ այլ շահեկան քարոզներ:
Պէտք է ըսել, որ «Կոնդակներ, պատգամներ եւ քարոզներ» խորագրեալ հատորը յիշատակութեան արժանի իրագործում մըն է, որուն հրատարակութեամբ կը կենդանանայ խնկելի յիշատակը Խորէն Ա. Շինարար վեհափառ հայրապետին: